Լիբանանի կառավարութիւնը երէկ եռօրեայ պաշտօնական սուգ յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին մահուան սուգին առիթով:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ գուժեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին մահը` զայն կոչելով արաբ իմաստուն մը: Ան շեշտեց, որ Ապտալլա թագաւորին մահով Լիբանան կորսնցուցած է հզօր նեցուկ մը, որ մնայուն կերպով կը զօրակցէր լիբանանեան ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութեան:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին մահուան սուգին առիթով:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան գուժեց Ապտալլա թագաւորին մահը: Միֆթին եւ անոր թելադրանքով Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր մզկիթներուն մէջ ուրբաթ կէսօրուան նամազէն ետք հոգեհանգստեան աղօթք մատուցուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին յիշատակին:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ սուգ յայտարարելու` իբրեւ ժողովրդային երախտիք Ապտալլա պըն Ապտեզ Ազիզ թագաւորին, որ օր մը օրանց չէ զլացած Լիբանանին օժանդակելու:
«Մենք կորսնցուցած ենք պատմական անձնաւորութիւն մը, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ շրջանին պատմութիւնը դրոշմած է նուաճումներով եւ քաղաքական աշխուժութիւնն ու յառաջդիմութիւնը ապահովող նախաձեռնութիւններով», ըսաւ Հարիրի:
Ան մաղթեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները մնան իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Ապտալլա թագաւորին մահով Լիբանան պիտի կորսնցնէ մեծ եղբայր մը, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէր Լիբանանի միասնականութեան համար:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին մահուան մասին յայտնեց. «Արաբ մեծ ասպետը ոչ եւս է»: