Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազզամ Ահմետ Պէյրութէն Կը Հաստատէ, Որ Պաղեստինեան Գաղթակայանները Ենթակայ Են Լիբանանեան Պետութեան

January 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմետ եւ Պըրրի
Ահմետ եւ Պըրրի

Ֆաթհի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետ այցելեց Պէյրութ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Ահմետ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայանները ենթակայ են լիբանանեան պետութեան, եւ իրենք կը մերժեն գաղթակայանները պետութեան դէմ պայքարելու իբրեւ կեդրոն օգտագործելու որեւէ փորձ, որովհետեւ անիկա կրնայ խախտել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

«Ոչ ոքի պիտի արտօնենք, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկէ եւ գաղթակայանները վերածէ իր քաղաքական ուղեգիծը պաշտպանող վայրի մը, ինչպէս նաեւ կը մերժենք պաղեստինեան գաղթակայանները վերածել Լիբանանի ապահովութիւնը ցնցող գործողութիւնները ծածկող թաքստոցի: Պաղեստինեան գաղթակայանները դիմադրութեան կեդրոններ են եւ կը գործեն ի խնդիր պաղեստինեան դատին յաջողութեան», շեշտեց Ազզամ Ահմետ:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ իրենք լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չեն դառնար` աւելցնելով, որ ինք լիբանանեան պետութեան մօտ շօշափած է պաղեստինեան գաղթակայանները ապահով պահելու յանձնառութիւնը:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ «Օսպաթ Անսար» զինեալ խմբաւորումի բանբեր Ապու Շերիֆ Աքըլ յայտնեց, որ Օսպաթ Անսար կը գտնուի իր ժողովուրդին եւ ընտանիքին մէջ` աւելցնելով, որ իրենք ստանձնած են 100 հազար պաղեստինցի գաղթակայանի պատասխանատուութիւն:

Այս շրջագիծին մէջ, Ազզամ Ահմետ շեշտեց, որ իրենք կը հաստատեն Շատի Մաուլաուիի ներկայութիւնը Այն Հելուէի մէջ եւ կը պահանջեն անկէ, որ ան լքէ գաղթակայանը, ինչպէս որ հոն մուտք գործած է:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Վնասազերծած Է Ականուած Ինքնաշարժ Մը

Յաջորդը

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.