Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Տաւոսի մէջ մասնակցեցաւ Տնտեսական համաշխարհային 45-րդ խորհրդաժողովին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:
Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութիւնները: