Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակը Ռաս Պաալպեքի Թալլեթ Համրա Շրջանին Մէջ Բախումներ Ունեցաւ Զինեալներու Հետ

January 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

369553_img650x420_img650x420_cropԼիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաս Պաալպեքի Թալլեթ Համրա շրջանին մէջ բախումներ ունեցաւ զինեալներու հետ, որոնք փորձեցին յարձակում կատարել եւ Լիբանան մուտք գործել:

Բանակը թնդանօթներով եւ ուղղաթիռներով ռմբակոծեց ահաբեկիչները. անոր օժանդակութեան հասաւ անկարգելաւորներու ջոկատը, որ թիրախ դարձուց ահաբեկիչներուն կեդրոնները:

Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Արսալի Ուատի Հոսըն եւ Ուատի Հմայտ շրջաններուն մէջ կրցած է կասեցնել զինեալներուն Լիբանան ներխուժումը` անոնց շարքերուն մէջ չորս զոհեր պատճառելով:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երէկ Թալլեթ Համրայի բանակի յառաջապահ դիրքերը թիրախ դարձան ահաբեկիչներուն կողմէ յարձակումի մը, որուն իբրեւ հետեւանք բռնկեցան ծանր բախումներ, որոնց աւարտին բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ Թալլեթ Համրան` ահաբեկիչներուն շարքերուն մէջ մեծ թիւով մարդկային վնասներ պատճառելով:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բախումներուն ընթացքին նահատակուած են նաեւ բանակայիններ, ինչպէս նաեւ արձանագրուած են վիրաւորներ:

Բանակը մինչեւ ուշ գիշեր շարունակեց Ռաս Պաալպեքի լեռնային շրջաններուն մէջ իր դիրքերը ամրապնդել, ինչպէս նաեւ Թալլեթ Համրայի շրջակայքը խուզարկել` ահաբեկիչներ փնտռելու նպատակով:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը աւելի ուշ պիտի հրապարակէ նահատակ բանակայիններուն անուններն ու տեղեկացնէ արեւելեան սահմաններուն մէջ արձանագրուած զարգացումներուն մասին:

Երէկ կէս գիշերէն առաջ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը առանձին հաղորդագրութեամբ մը հրապարակեց նահատակ զինուորականներուն անունները: Անոնք են` Ա. տեղակալ Ահմետ Մահմուտ Թապիխ, յիսնապետ Մոհամետ Նիազի Նասրէտտին, զինուոր Պիլալ Խտըր Ահմետ, զինուոր Մոհամետ Ալի Ալաէտտին, զինուոր Հասան Ռամատան Տիպ:

Նշենք, որ երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ անոր կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց` շեշտելով, որ բոլոր լիբանանցիները կը զօրակցին բանակին:

Նշենք նաեւ, որ Ռաս Պաալպեքի բնակիչները կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանեան բանակին:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Եռօրեայ Սուգ` Ապտալլա Թագաւորին Մահուան Առիթով

Յաջորդը

«Էրտողանի Կուսակցութիւնը Հայերուն Հողեր Վերադարձնելու Ծրագիր Մշակած Է» Կ՛ըսէ Վուրալ

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.