Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Սուլթան Եաագուպ մզկիթին բացման արարողութեան, որուն ընթացքին ողջունեց Հըզպալլա-Մուսթաքպալ հոսանք երկխօսութիւնը` զայն օգտակար նկատելով լիբանանեան գերագոյն շահերուն համար, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու:
Շէյխ Տըրիան նշեց նաեւ, որ մզկիթներու կառուցումը միայն նամազի նպատակով չէ, այլեւ` իսկական իսլամ պատրաստելու նպատակով, հաստատելով, որ իրենք չափաւորականութեան ներկայացուցիչներ են:
Ան ընդգծեց, որ անկարելի է իսլամական կրօնը ահաբեկչական որակել, որովհետեւ այդ կրօնը ո՛չ ահաբեկչութեան եւ ո՛չ ալ ծայրայեղութեան կրօնն է:
Միւս կողմէ, միւֆթի Տըրիան զօրակցութիւն
յայտնեց լիբանանեան բանակին` ընդգծելով, որ ներքին լիբանանեան առումով օգտագործուող որեւէ զէնք սադրանքի գործիք կը նկատուի եւ ինքնաբերաբար մերժելի է: