Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ շրջեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի մաքսատան բաժանմունքի զանազան մասերը եւ մօտէն հետեւեցաւ տիրող իրավիճակին: «Ցարդ դատական ատեան փոխանցեցինք ենթադրեալ մուրհակներ ու ստացագիրներ ներկայացնող 81 ընկերութիւններ», յայտարարեց նախարար Խալիլ` նշելով, որ շարքը երկար է, եւ տակաւին այլ ընկերութիւններ պիտի հետեւին անոնց:
Ելեւմուտքի նախարարը շեշտեց, որ պիտի շարունակէ իր այս հետապնդումները` զգուշացնելով բոլոր այն կողմերը, որոնք կը խորհին, թէ կրնան ապօրինի քայլերով շրջանցել օրէնքները: