Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Վարչական Եւ Ընկերային Հարցեր Առանցքը Կազմեցին Կառավարութեան Հերթական Նիստին

March 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ բացակայութեամբ նախարար Ղազի Զաայթերի: Շուրջ երեք ժամ տեւած նիստին ընթացքին ժողովականները քննարկեցին օրակարգի վրայ դրուած 51 կէտեր: Նախքան այդ սակայն, վարչապետ Սալամ նիստի սկզբնաւորութեան անհրաժեշտ նկատեց նախագահի ընտրութեան կայացումը: Իսկ օրակարգի կէտերէն դուրս, ժողովականները քննարկեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններրէն արտաքսուած լիբանանցիներու պարագան եւ որոշեցին հետապնդել այս հարցին ծալքերը Էմիրութիւններու պատկան իշխանութիւններուն հետ եւ պարզել այս քայլին տուն տուող պատճառներն ու հետեւանքները:   Ապա ժողովականները քննարկեցին օրակարգի վրայ ներկայացուած հարցերը եւ տուին հետեւեալ որոշումները.

– Հաւանութիւն տրուեցաւ ընդառաջելու արտաքին գործոց նախարարութեան առաջարկին եւ ընդունելու Լիբանանի մօտ օտար դեսպաններու թեկնածութիւնը` սպասելով նախագահի ընտրութեան, ներկայացնելու համար իրենց հաւատարմագիրները:

– Հաւանութիւն տրուեցաւ կարգ մը նախարարութիւններու` ընդունելու առաջարկուած այն նուիրատուութիւնները, զորս բարեկամ կողմեր կ՛ուզեն տրամադրել նպաստելու համար նախարարութեանց բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ծրագիրներուն:

– Հաւանութիւն տրուեցաւ դրոշմաթուղթեր հրապարակելու Լիբանանի անկախութեան կարգ մը հերոսներուն, ինչպէս` Մոհամետ Ֆատլի, Ռաշիտ Պայտունի, Մարուն Քանաանի, Հանրի Ֆարաոնի եւ Սաատ Մոնլայի անուններով:

– Հաւանութիւն տրուեցաւ իւրաքանչիւր տարուան 5 մայիսի օրը նշել իբրեւ ծովային կոկորդիլոսներու ազգային օր` ընդառաջելով կենսոլորտի նախարարի առաջարկին:

– Նահատակ հազարապետ Ուիսամ Իտի անունով երկրորդական վարժարան մը հիմնել Տըննիէի Տէյր Ամմար աւանին մէջ:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ցաւակցութիւն Յայտնեց Թունուզի Իր Պաշտօնակիցին

Յաջորդը

«Ա.Պէ.«Սէ.»-ի Միջադէպին Անդրադարձները Կը Շարունակուին. «Թուրքիա Կը Միտի Հանրութեան Ուշադրութիւնը Վրիպեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներէն» Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.