ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ երէկ լուսարձակներէ հեռու այցելեց Պիքֆայա, ուր նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ գլուխ-գլխի խօսակցութիւն ունեցաւ: Ըստ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքին, խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած է զինուորական պատասխանատուներու պաշտօնավարութեան երկարաձգման հարցը:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յատուկ շրջաբերականով մը գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատելի բանակէն հանգստեան կոչումը յետաձգեց 20 սեպտեմբեր 2015-ին:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի պահանջեց մանրամասն քննութիւն բանալ վերջերս անձնասպան եղած պանկլատեշցի սպասուհիին հարցով:
Միւս կողմէ, Քազզի սենտիքայական պատուիրակութիւն մը ընդունելով իմացաւ, թէ 1500 պենզինի ապօրինի կայաններ կան:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց վարչապետ շէյխ Մոհամետ Պըն Ռաշետ Պըն Մաքթումի հետ եւ քննեց Էմիրութիւններէն արտաքսուած լիբանանցիներու հարցը: