16 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, լիբանանցիներ երէկ հետեւեցան արեւու կարճատեւ խաւարումին` Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ: Մէկ դարու ընթացքին չորս անգամ պատահող այս խաւարումը դժբախտաբար կարելի չեղաւ այս անգամ լիովին «ըմբոշխնել» ու դիտել` տրուած ըլլալով, որ ամպերը կը ծածկէին տեսարանը:
Նշենք, որ նման մասնակի խաւարում պատահած էր նոյեմբեր 1999-ին եւ օգոստոս 2000 թուականներուն: