Լիբանանեան

«Եւրոպական Դրացնութեան  Քաղաքականութիւնը  Մնայուն Հոլովոյթ Պէտք Է Ըլլայ»  Յայտարարեց Ժպրան Պասիլ

«Եւրոպական Դրացնութեան Քաղաքականութիւնը Մնայուն Հոլովոյթ Պէտք Է Ըլլայ» Յայտարարեց Ժպրան Պասիլ

Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ գումարուած նախարարական համագումարին մասնակցելով, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ երէկ վերահաստատեց Լիբանանի կայունութեան ու անդորրութեան հաստատման հրամայականը: Այս գծով ան հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ իր պաշտօնակիցին հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միջոցները: Համագումարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Պասիլ շեշտեց եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան կարեւորութիւնը Լիբանանի համար` ընդգծելով, որ այս քաղաքականութեան վերատեսութիւնը...

Լիբանանեան Պատերազմի 40-Ամեակին Առիթով` Զանազան Կեցուածքներ

Լիբանանեան Պատերազմի 40-Ամեակին Առիթով` Զանազան Կեցուածքներ

Լիբանանեան պատերազմի ծագման 40-ամեակին առիթով (1975-2015) զանազան ձեռնարկներու կողքին կատարուեցան նաեւ յայտարարութիւններ ու արտայայտուեցան կեցուածքներ լիբանանեան զանազան կողմերու ղեկավարներու կողմէ: Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարներէն երեսփոխան Ալեն Աուն հարց տուաւ, թէ արդեօք մէկը դասեր պիտի քաղէ ու գիտակցի եւ անդրադառնա՞յ, նախքան պատերազմի 50-ամեակը: Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս ըսաւ. «Ժամանակն է, որ զգուշանանք, որպէսզի անգամ մը եւս նոյն ծուղակին մէջ չիյնանք»:...

Տեղի Տալով Ընկերային Ցանցերու Բազմաթիւ Անդրադարձներուն`. «Էքս Ռէյ Փրոտաքշըն» Կը Յայտարարէ, Թէ Թուրք Դերասանը Պիտի Չմասնակցի Իր Բարեսիրական Երեկոյթին

«Էքս Ռէյ Փրոտաքշըն» ընկերութիւնը շաբաթավերջին յայտարարեց, որ տեղի տալով իրեն հասած հաղորդակցութեան ցանցերու բազմաթիւ անդրադարձներուն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդասիրական Բարի Կամեցողութեան դեսպան, թուրք դերասան Մուրատ Եըլտըրըմ պիտի չմասնակցի ընկերութեան կազմակերպած բարեսիրական ընթրիքի երեկոյին, որ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 20 ապրիլին, «Վիր Ռեզորց» սրահին մէջ եւ որուն հասոյթը պիտի յատկացուի մանուկներու քաղցկեղի դարմանումի կեդրոնին: Իր հաղորդագրութեան մէջ «Էքս Ռէյ Փրոտաքշըն» իր ամբողջական յարգանքը...

Հըզպալլա – Մուսթաքպալ Երկխօսութեան Նիստը` Այսօր

Հըզպալլա – Մուսթաքպալ Երկխօսութեան Նիստը` Այսօր

Այսօր երեկոյեան Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի ներկայացուցիչներ դարձեալ պիտի հանդիպին` շարունակելու համար ամիսներէ ի վեր ընթացող երկխօսութիւնը, եւ այս` հակառակ զայն կասեցնել ու խափանել փորձող քայլերուն եւ տեղեկութիւններուն: Այս գծով մէկէ աւելի ղեկավարներ շեշտեցին այս երկխօսութեան շարունակութեան կարեւորութիւնը իբրեւ ազգային անհրաժեշտութիւն: Նախապէս, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատած էր, որ երկխօսութիւնը «ի զօրու է»:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ Ժիպէյլ քաղաքը թեկնածու յայտարարուեցաւ արաբական զբօսաշրջութեան մայրաքաղաքի կոչումին, որ պիտի որոշուի 2016-ին` Արաբական լիկայի եւ արաբ նախարարներու կողմէ: ՈՒԱՏԻ Հմայետի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած Սալեհ Հուժէյրի երէկ քանի մը ժամ ետք ազատ արձակուեցաւ: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, ան արգելափակուած (եւ ոչ թէ առեւանգուած) էր լիբանանեան ապահովութեան ուժերու կողմէ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ Ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան, որ Մոսկուա կը գտնուի, իր...

Մամլոյ Արձակուրդ

Յոյն ուղղափառ համայնքի Ս. Զատկուան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 13 ապրիլ 2015-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 14 ապրիլ 2015-ին:

«Լիբանանահայութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ  Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի  Օրը Վերածելու Ազգային Սգատօնի»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանահայութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրը Վերածելու Ազգային Սգատօնի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սատա Պալատ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, լիբանանահայութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի կառավարութեան եւ վարչապետ Թամմամ Սալամին 24 ապրիլը վերածելու ազգային սգատօնի եւ պաշտօնական արձակուրդի օրուան, որպէսզի հայութիւնը եւ բոլոր լիբանանցիները կարենան ոգեկոչել Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն Լիբանանի ամէնէն հին կուսակցութիւնն է`...

Թրիփոլիի Մէջ Ներքին Ապահովութեան  Ուժերը Մէկ Հարուածով  Երկու Ահաբեկիչ Որսացին

Թրիփոլիի Մէջ Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Մէկ Հարուածով Երկու Ահաբեկիչ Որսացին

Խալետ Հըպլոս եւ Ուսամա Մանսուր Նախանցեալ երեկոյեան Թրիփոլիի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կատարեց ապահովական գործողութիւն մը, որուն ընթացքին կրցաւ որսալ երկու ահաբեկիչներ, որոնք են` Ուսամա Մանսուր, որ սպաննուեցաւ զինեալ բախումներուն ընթացքին եւ Խալետ Հըպլոս, որ ձերբակալուեցաւ եւ հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ: Թըպպանէի եւ Միաթէյն փողոցին միջեւ գործադրուած այս գործողութեան ընթացքին, տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կրցաւ ձերբակալել Հըպլոսի մօտիկ անհատներէն Էմիր Քուրտին, որ...

Պըրրի Կը Հաստատէ Հըզպալլայի  Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ  Երկխօսութեան Կայացումը

Պըրրի Կը Հաստատէ Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ Երկխօսութեան Կայացումը

Նեպիհ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանեան մամուլին կողմէ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան կայացումը կասկածի ենթարկելու փորձերուն: Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ քաղաքական երկու կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի` իրականացնելու համար Լիբանանի շահերը: Հաղորդագրութիւնը տեղեկացուց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան յաջորդ նիստին թուականը` երեքշաբթի, 14 ապրիլ 2015-ը, կը...

«Ախպար». Ժապհաթ Նուսրայի Հետ  Համաձայնագիրը Գրեթէ Հասած Է Իր Աւարտին

«Ախպար». Ժապհաթ Նուսրայի Հետ Համաձայնագիրը Գրեթէ Հասած Է Իր Աւարտին

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական կազմակերպութեան մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը կ՛ուղղուի դէպի լուծում: Կը նախատեսուի, որ Քաթար առեւանգող կողմին հսկայական գումարներ վճարէ, որպէսզի առեւանգուած լիբանանցի բանակայինները ազատ արձակուին: Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ուղղուեցաւ Թուրքիա, ուր քաթարցի եւ թուրք պատասխանատուներու հետ ունեցաւ հանդիպումներ` որոշելու համար առեւանգուած բանակայիններու ստանձնումին մանրամասնութիւնները: Կը նախատեսուի, որ ազատ...

Մեհրապի Մէջ.  Քանաան Հանդիպում Մը  Ունեցաւ Սամիր Ժահժահի Հետ

Մեհրապի Մէջ. Քանաան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սամիր Ժահժահի Հետ

Ռիաշի, Քանաան եւ Ժահժահ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը գործուղեց Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի հետ` ներկայութեամբ կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Քանաան յայտնեց, որ իրենք շարունակած են խորհրդակցութիւնները` փոխըմբռնումի համաձայնագիրին բիւրեղացման շուրջ: Քանաան Ժահժահի հետ իր ունեցած հանդիպումը նկատեց...

Բագրատունի Ընդունեց Ժըրէյժն Ու  Դեսպան Տ՛Արակոնը

Բագրատունի Ընդունեց Ժըրէյժն Ու Դեսպան Տ՛Արակոնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունեց փաստաբաններու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժըրէյժը` ներկայութեամբ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու սենտիքային հետ կապուած խնդիրներն ու ընդհանրապէս արդարադատութեան մարզի դժուարութիւնները: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Փաստաբաններու սենտիքային մէջ կայացած ձեռնարկին լոյսին տակ, լայնօրէն քննարկուեցաւ այս ծիրին մէջ նոր նախաձեռնութիւններու կարելիութիւններն ու այդ ուղղութեամբ Լիբանանի հայութեան ակնկալութիւնները: Նաեւ` Մալթայի...

Վերջին Ժամ.  Ահաբեկչական Խմբակի Պարագլուխներէն  Ուսամա Մանսուր` Սպաննուած

Վերջին Ժամ. Ահաբեկչական Խմբակի Պարագլուխներէն Ուսամա Մանսուր` Սպաննուած

Երէկ ուշ երեկոյեան լիբանանեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, թէ Թրիփոլիի մէջ անծանօթ զինեալ խմբակի մը եւ ապահովական ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած զինեալ բախումի մը ընթացքին ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կրցաւ ձերբակալել յայտնի ահաբեկիչ Խալետ Հապլասը: Զինեալ բախումին պատճառով սպաննուեցաւ այլ յայտնի ահաբեկիչ Ուսամա Մանսուր: Սպաննուած է նաեւ այլ անձ մը: Լիբանանեան բանակը ունեցած է մէկ վիրաւոր:  

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց  Պրազիլի Եւ Ռուսիոյ Դեսպանները

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Պրազիլի Եւ Ռուսիոյ Դեսպանները

Պրազիլի դեսպանը եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պրազիլի նոր նշանակուած դեսպան Ճորճ Քատրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, որ Սալամի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական կառավարական հարցերու միացեալ յանձնախումբին գումարելիք նիստին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ միջազգային եւ շրջանային...

Մաքսատան Մէջ Կը Բացայայտուի Երկու Թոն  Թմրեցուցիչ Պարունակող Բեռնարկղ Մը

Մաքսատան Մէջ Կը Բացայայտուի Երկու Թոն Թմրեցուցիչ Պարունակող Բեռնարկղ Մը

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ երէկ Լիբանանի մաքսատան մէջ բացայայտուած է բեռնարկղ մը, որ կը պարունակէր երկու թոն թմրեցուցիչ, որ ծածկուած էր Պեքաայէն եկած պտուղներով: Այդ բեռնարկղը կը պատկանի թմրեցուցիչի նշանաւոր վաճառականի մը, որ պտուղներով լեցուն բեռնատար մը ուղարկած էր մաքսատուն, որպէսզի  զանոնք դէպի Եգիպտոս փոխադրէր: Խալիլ յայտնեց, որ մաքսատան մէջ հսկողութեամբ զբաղող խմբակ մը, մաքսատան ընդհանուր տնօրէնին...

Բանակը Ուատի Խալետի Մէջ Ձերբակալեց  Առեւանգումներ Կատարող Ցանցի Մը Անդամները

Բանակը Ուատի Խալետի Մէջ Ձերբակալեց Առեւանգումներ Կատարող Ցանցի Մը Անդամները

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը իմացած է, թէ իրաքցի քաղաքացի Լէյս Թամեր Սալման Ուատի Խալետի մէջ ենթարկուած է առեւանգումի եւ առեւանգող կողմը փրկագին պահանջած է` զայն ազատ արձակելու համար: Քանի մը ժամ ետք, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ներխուժած է Ուատի Խալետի մէջ գտնուող առեւանգող կողմին թաքստոցը եւ ազատած իրաքցի քաղաքացին, ինչպէս նաեւ ձերբակալած...

Մուսթաֆա Նասեր Կը Վկայէ

Մուսթաֆա Նասեր Կը Վկայէ

Մուսթաֆա Նասեր Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը երէկ շարունակեց իր նիստերը, որոնց ընթացքին դատարանը հարցաքննեց Հարիրիի խորհրդատուներուն Մուսթաֆա Նասերը: Ան յայտնեց, որ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպումները միշտ տեղի կ՛ունենային Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող Հըզպալլայի կեդրոնին մէջ: Նասեր նշեց, որ նման հանդիպումի պարագային Հարիրիի շքախումբը կ՛առաջնորդուէր Հըզպալլայի կողմէ...

Սէյիտ Նասրալլա  Ընդունեց Սարմատին

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Սարմատին

Սարմատի եւ Սէյիտ Նասրալլա Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մուրթատա Սարմատին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան իրանեան հիւլէական թղթածրարին շուրջ խորհրդակցութիւններն ու արձանագրուած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Եմէնի զարգացումները:

Ռայի Պատրիարքը Քանաանի Եւ Թրէյսի  Շամունի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Քանաանի Եւ Թրէյսի Շամունի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Քանաան եւ Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քանաան շեշտեց, որ լիբանանեան շահերը կարելի կ՛ըլլայ ճշդել միայն ներքին լիբանանեան առումով փոխադարձ հասկացողութիւն ապահովելով: Երեսփոխան Քանաան նշեց, որ ինք Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն,...

Մաշնուք Նախագահեց Ապահովութեան  Կեդրոնական Խորհուրդի Նիստին

Մաշնուք Նախագահեց Ապահովութեան Կեդրոնական Խորհուրդի Նիստին

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, Զինուորական ատեանին մէջ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Սաատէ, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն...

Page 953 of 985 1 … 952 953 954 … 985

Արխիւներ