
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մուրթատա Սարմատին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան իրանեան հիւլէական թղթածրարին շուրջ խորհրդակցութիւններն ու արձանագրուած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Եմէնի զարգացումները: