Այսօր երեկոյեան Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի ներկայացուցիչներ դարձեալ պիտի հանդիպին` շարունակելու համար ամիսներէ ի վեր ընթացող երկխօսութիւնը, եւ այս` հակառակ զայն կասեցնել ու խափանել փորձող քայլերուն եւ տեղեկութիւններուն:
Այս գծով մէկէ աւելի ղեկավարներ շեշտեցին այս երկխօսութեան շարունակութեան կարեւորութիւնը իբրեւ ազգային անհրաժեշտութիւն: Նախապէս, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատած էր, որ երկխօսութիւնը «ի զօրու է»: