
Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը երէկ շարունակեց իր նիստերը, որոնց ընթացքին դատարանը հարցաքննեց Հարիրիի խորհրդատուներուն Մուսթաֆա Նասերը:
Ան յայտնեց, որ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպումները միշտ տեղի կ՛ունենային Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող Հըզպալլայի կեդրոնին մէջ:
Նասեր նշեց, որ նման հանդիպումի պարագային Հարիրիի շքախումբը կ՛առաջնորդուէր Հըզպալլայի կողմէ ղրկուած ինքնաշարժով մը:
«Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի Նասրալլայի յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը օրինական պիտի մնայ, մինչեւ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը, եւ ան կը փափաքէր երեսփոխանական ընտրութիւններու պարագային դաշնակից ըլլալ Հըզպալլայի հետ` լեցնելու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւին ստեղծած բացը», ըսաւ Նասեր:
Նասեր անդրադարձաւ նաեւ Հարիրիի հասցէին կատարուած Նասրալլայի արտայայտութիւններուն եւ ըսաւ. «Նասրալլա Հարիրին նկատեց փտած անձնաւորութիւն մը, որ փտած կառավարութիւն ունի եւ Հըզպալլայի դէմ կ՛ուզէ ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւը գործադրել», նշեց Մուսթաֆա Նասեր:
Նասեր աւելցուց, որ Հարիրիի սպանութենէն քանի մը օր առաջ, ան Քրայթեմի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր սէյիտ Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի հետ եւ անոր հետ համաձայնութիւն գոյացուցած էր երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Հըզպալլայի թեկնածուին` Մոհամետ Պըրժաուիի շուրջ: «Քրայթեմի հանդիպումէն անմիջապէս ետք Խալիլ ուղղուեցաւ Դամասկոս, որպէսզի Հարիրիի Սուրիա կատարելիք այցելութիւնը նախապատրաստէ, սակայն այդ այցելութիւնը չկատարուեցաւ, որովհետեւ Հարիրի սպաննուեցաւ», եզրափակեց Նասեր: