Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Մէջ Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Մէկ Հարուածով Երկու Ահաբեկիչ Որսացին

Ապրիլ 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խալետ Հըպլոս եւ Ուսամա Մանսուր
Խալետ Հըպլոս եւ Ուսամա Մանսուր

Նախանցեալ երեկոյեան Թրիփոլիի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կատարեց ապահովական գործողութիւն մը, որուն ընթացքին կրցաւ որսալ երկու ահաբեկիչներ, որոնք են` Ուսամա Մանսուր, որ սպաննուեցաւ զինեալ բախումներուն ընթացքին եւ Խալետ Հըպլոս, որ ձերբակալուեցաւ եւ հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ:

Թըպպանէի եւ Միաթէյն փողոցին միջեւ գործադրուած այս գործողութեան ընթացքին, տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կրցաւ ձերբակալել Հըպլոսի մօտիկ անհատներէն Էմիր Քուրտին, որ բացայայտած էր Հըպլոսի եւ Ուսամա Մանսուրի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը եւ պատճառ դարձած, որ Հըպլոս իր կարգին ձերբակալուի:

Հըպլոս ձերբակալուեցաւ Թըպպանէէն դուրս գալու պահուն: Մինչ ան կը ձերբակալուէր, «Օփել» տիպի ինքնաշարժով դուրս եկան ահաբեկիչներ Ուսամա Մանսուր, որ ականուած գօտի կը կրէր, եւ Ահմետ Նազեր: Անոնք կրակ բացին ներքին ապահովութեան ուժերուն դէմ եւ վիրաւորեցին սպայ մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերը անխնայ գնդակոծեն կրակ բացող ահաբեկիչները:

Այդ գնդակոծումին պատճառով Մանսուր եւ Նազեր, որոնք կեղծ անձնաթուղթեր կը կրէին, սպաննուեցան:

Անոնց սպանութեան լուրին շրջանառութեան մէջ դրուելէն ետք, անոնց ընտանեկան անդամները ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ բախումներ ուզեցին ունենալ, սակայն լիբանանեան բանակը միջամտեց եւ անմիջապէս հակակշիռի տակ առաւ կացութիւնը` շրջափակելով ամբողջ շրջանը:

Երէկ յետմիջօրէին Պապ Թըպպանէի մէջ կատարուեցաւ Ուսամա Մանսուրի եւ Ահմետ Նազերի յուղարկաւորութիւնը, որուն ընթացքին Ասմար հրապարակին վրայ արձանագրուեցաւ իրարանցում` իրենց հարազատները եւ բարեկամները կորսնցուցած խումբ մը երիտասարդներու կողմէ:

Սակայն բանակը հակակշռեց կացութիւնը եւ սպաննուած երկու ահաբեկիչներուն յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Հարպա մզկիթին մէջ` առանց պետական եւ պաշտօնական ներկայութեան:

Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իրենց կողմէ ահաբեկչութեան մերժումը չի նշանակեր, որ յանցագործները պիտի սպաննուին նախքան անոնց դատավարութեան ենթարկուիլը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութենէն պահանջեց Մանսուրի եւ Նազերի սպանութեան վերաբերեալ թափանցիկ հետաքննութիւն բանալ:

Անհրաժեշտ է աւելցնելով, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ երեկոյեան խուզարկեց Հըպլոսի Տահր Պայտարի բնակարանը: Կը նախատեսուի, որ Հըպլոսի հարցաքննութիւնը երկարատեւ ըլլայ` նկատի ունենալով անոր ունեցած հսկայ քանակութեամբ տեղեկութիւնները եւ խոստովանութեան մերժումը:

Հըպլոսի մասին շրջանառութեան մէջ դրուած կարգ մը լուրեր շեշտեցին, որ ան պատասխանատու է Պըհնինի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումին, որուն պատճառով նահատակուած էին բանակայիններ Ժիհատ Հապըր եւ Նատիմ Ժորժ Սըմաան:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ գիշեր այցելեց նախանցեալ օր Թրիփոլիի մէջ վիրաւորուած ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի զինուորներուն, որոնց շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց` ընդգծելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերը Պեքաայի, հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ բոլոր շրջաններուն մէջ պիտի հետապնդեն բոլոր յանցագործները, ինչ ալ ըլլայ անոնց համայնքային պատկանելիութիւնը:

Մաշնուք Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդէն պահանջեց նախքան իրենց հաղորդագրութիւններուն հրապարակումը ստուգել տեղեկութիւնները:

Մաշնուք ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւնը ո՛չ համայնք, ո՛չ կրօն եւ ո՛չ ալ պետութիւն կը ճանչնայ:

Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին անդամները ստիպուած կրակ բացած են ահաբեկիչ Խալետ Հըպլոսի դէմ, երբ անոր ընկերակիցները գնդակոծած են զիրենք:

 

Նախորդը

Պըրրի Կը Հաստատէ Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ Երկխօսութեան Կայացումը

Յաջորդը

«Լիբանանահայութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրը Վերածելու Ազգային Սգատօնի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?