
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պրազիլի նոր նշանակուած դեսպան Ճորճ Քատրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, որ Սալամի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական կառավարական հարցերու միացեալ յանձնախումբին գումարելիք նիստին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ միջազգային եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Զասիփքին ընդգծեց Ռուսիոյ եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հեզասահ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխըմբռնումի մակարդակը եւ բաժնած միացեալ կեցուածքը, թէ շրջանին դիմագրաւած տագնապներուն համար պէտք է քաղաքական լուծումներ ապահովել:
Ռուս դեսպանը խստիւ դատապարտեց շրջանի երկիրներուն եւ պետութիւններուն հարցերուն կատարուած արտաքին միջամտութիւնները, ինչպէս նաեւ վարչակարգերը տապալելու եւ սադրանքներ նախապատրաստելու փորձերը:
Զասիփքին հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է ըլլայ միացեալ եւ արդար հարց:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Պահիժ Թապպարա: