Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, Զինուորական ատեանին մէջ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Սաատէ, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատել եւ Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Խուրի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ապահովական հարցեր, որոնց շուրջ որդեգրուեցան համապատասխան որոշումներ, որոնք կը մնան գաղտնի: