ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն պարագային բանակի հրամանատարի նշանակումը վտանգաւոր նախընթաց է եւ սկիզբ` երկրին իշխանութենէն քրիստոնեայ համայնքին զրկումին:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ զինեալ ընդհարումներ չեն արձանագրուիր` աւելցնելով, որ Արսալի մէջ ապահովական կայունութիւնը առկայ է: Ան շեշտեց, որ Քալամունի մէջ ճակատամարտները սահմանափակուած են Պրիթելի եւ Պաալպեքի լեռնային շրջաններուն միջեւ` աւելցնելով, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի մարտիկներ գոյութիւն չունին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Սուլթան Ապու Այնէյն վերստանձնէ Լիբանանի մէջ Ֆաթհի ընդհանուր քարտուղարութիւնը, ինչպէս նաեւ Մահմուտ Իսա (ծանօթ` Լինօ կեղծանունով) վերստանձնէ ապահովական եւ զինուորական պարտականութիւնները` հակակշռելու համար պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին ապահովական կայունութիւնը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ մէջ լիբանանեան գաղութի պատասխանատու Սամիր Քրայտիէ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ գոյութիւն ունին հեզասահ յարաբերութիւններ, որոնք անկարելի է, որ ցնցումի ենթարկուին այս կամ այն պատասխանատուին կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ռուսիա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին պիտի վերջնականացնէ լիբանանեան բանակին համար Մոսկուայէն գնուելիք ռուսական զէնքերուն տեսակը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Քալամունի ճակատամարտը լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն շահերուն կը ծառայէ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Քալամունի ճակատամարտը տակաւին չէ սկսած եւ անիկա Քուսէյրի ճակատամարտին նման պիտի չըլլայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը Քալամունի ճակատամարտին միջամուխ չդարձնելու` նկատի ունենալով Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները:
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Զաութարի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին պատկանող ուժեր ձերբակալեցին թմրեցուցիչի չորս մաքսանենգներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը ճնշում բանեցնելու խաղաթուղթ մըն է, որ կը գործածուի Իրանի կողմէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլա ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի` աւելցնելով, որ անկարելի է Հըզպալլայի հակառակորդ անձնաւորութիւն մը հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք քաջատեղեակ են, թէ հաւատադրժողական ուժերուն դէմ մղուած իւրաքանչիւր յաղթանակին ընթացքին լիբանանեան կարգ մը ուժեր կը տխրին, «սակայն կարելի չէ Լիբանանը ահաբեկչութեան դիմաց անպաշտպան ձգել», աւելցուց ան:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լա Հէյի մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի վկայութիւնները քաղաքականացուած յայտարարութիւններ էին:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնած են, որ լիբանանեան բանակը ոչ մէկ կապ ունի Քալամունի ճակատամարտին հետ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ այցելած է վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ դրուատած վերջինիս կողմէ ներքին լիբանանեան համաձայնութիւնները պահպանելու ջանքերը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ երկխօսութիւնն ու փոխադարձ խորհրդակցութիւնները լիբանանեան հիւսուածքին մաս կը կազմեն եւ այդ իմաստով պէտք է գործակցիլ: