Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ խիստ մերժելի է մնայուն կերպով պետական ամավարկը վաւերացնելու նիստերուն յետաձգումն ու առկախումը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անմիջապէս վաւերացնել զայն:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ կարեւոր նկատեց նաեւ օրէնսդրական նիստերուն կայացումը` ընդգծելով, որ կարգ մը միջազգային կազմակերպութիւններ եւ մարմիններ կը սպառնան վերջ տալ իրենց օժանդակութեան եւ յետս կոչել բարգաւաճման ծրագիրներուն կատարուած իրենց յատկացումները, եթէ խորհրդարանը այդ ծրագիրները չվաւերացնէ: Ան հաստատեց, որ նման պարագայի լիբանանցի քաղաքացին եւ երկրին տնտեսական կացութիւնը պիտի տուժեն:
Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ բարձրագոյն ուսում ստանալու համակարգը` աւելցնելով, որ կան ուսում ջամբելու չափանիշները չամբողջացնող մեծ թիւով համալսարաններ, որոնք կը պատրաստեն ուսման անբաւարար մակարդակով սերունդներ: