Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք Արեւմտեան Շահհարի քաղաքապետարանները իմացուց, որ Նաամէի աղբանոցը պիտի փակուի 17 յուլիսին:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ այս տարի երկրին ընդհանուր պարտքը անցած է 70 միլիառ տոլարը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը կարեւոր է Միջին Արեւելքի փրկութեան համար:

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայիններուն ազատ արձակումին նպատակով քաթարցի բանագնացը Սուրիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ժապհաթ Նուսրայի էմիրին հետ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ շրջանին մէջ Իրանի ստանձնած դերակատարութեան կարիքը պիտի չզգացուէր, եթէ արաբները իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնած ըլլային:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պէտք է վերջ տայ համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններուն: Ան աւելցուց նաեւ, որ Հըզպալլա իր ծայրայեղութեամբ յաւելեալ ծայրայեղութիւններու դռներ կը բանայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կիրակի, 24 մայիս 2015-ին պիտի արտասանէ խօսք մը` Նապաթիէի մէջ տեղի ունենալիք Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ իրենք պիտի ստիպուին գաղթականներուն հարցով  փոխել իրենց վարուելակերպը ՄԱԿ-ի հետ, նկատի ունենալով անոր արձանագրած բացթողումները` սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութիւններ տրամադրելու առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ իրենք հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան պարագային պիտի մերժեն մասնակցիլ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստի մը, որ 2015-ի պետական ամավարկն ու ընտրական օրինագիծը չ՛ընդգրկեր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ 2015-ի պետական ամավարկը պէտք է ներառէ աշխատավարձերու յաւելումները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի պատասխանատուներէն, յայտնեց, որ Քալամունի մէջ պատահածը նախապատրաստական աշխատանքն է իսկական ճակատամարտին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յաջորդող օրերուն մագլցողական քայլերու պիտի դիմէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան 12-րդ նիստը պիտի գումարուի երեքշաբթի, 19 մայիսին: Ան դիտել տուաւ, որ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնած են Լիբանանի նախագահական աթոռը թափուր պահելու հարցին գծով:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ բանակի հրամանատարի նշանակումը` հանրապետութեան նախագահին հասցէին ճիշդ չէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի պատասխանատուներ յայտնած են, որ Քալամունի մէջ ցարդ պատահածը ճակատամարտին մէկ երրորդն է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Սվին Ասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ հարաւային արուարձաններուն մէջ գործադրուող ապահովական ծրագիրը տասը օրով երկարաձգուեցաւ:

 

 

Նախորդը

Իտլիպի Մէջ 12 Թուրք Եւ Իսրայէլացի Սպաներ Սպաննուած Են. Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութեան Մարզումը Յետաձգուած Է «Թեքնիք» Պատճառներով

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Ֆլեչըրը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.