Հըզպալլայի մարտիկները Քալամունի մէջ շարունակեցին իրենց կռիւները, որոնց իբրեւ արդիւնք Քալամունի բարձունքներէն 50 քիլոմեթր այժմ կը գտնուի Հըզպալլայի հակակշիռին տակ` սկսելով Պրիթելի բարձունքներէն, հասնելով Ասսալ Ուարտ, Ժըպպէի եւ Նահլէի բարձունքներ:
Ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զինեալները փախուստ տուած էին այդ շրջաններէն` հոն ձգելով ականներ, ականուած ինքնաշարժներ, զինուորական տարազներ, զէնք, զինամթերք եւ սննդեղէն:
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Հըզպալլա կրցած է Քալամունի Ժըպպէի բարձունքներուն վրայ քանդել ահաբեկիչներու մարզումի երեք կեդրոններ եւ չորս զրահապատներ, որոնք կը կրէին ծանր գնդացիրներ:
Ըստ «Մանար»-ի, Հըզպալլայի մարտիկները կրցած են նաեւ վնասազերծել մեծ թիւով ականներ:
Միւս կողմէ, «Ահրար Շամ» շարժումը երէկ յայտարարեց, որ Քալամունի արեւելեան շրջանին` Մանքուրայի լեռներուն վրայ սպաննած է ՏԱՀԵՇ-ի 12 անդամներ` անոնց զինուորական ինքնաշարժը պայթեցնելու գործողութեամբ: