Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Երկիրը Յուզող Շարք Մը Հարցեր

May 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապու Ֆաուր եւ Սալամ
Ապու Ֆաուր եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային հարցերը, որոնց շարքին նաեւ նշանակումները, յատկապէս զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւններուն պարագային, պէտք է կատարուին համախոհութեամբ եւ այդ հաստատութիւններուն առաքելութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ:

Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւններուն պետերուն նշանակումներուն շուրջ անկարելի է բանավէճ պատկերացնել` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովական ուժերն են երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորողները, ինչպէս նաեւ երկիրը պաշտպանողները:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ, որ շեշտեց, թէ երկրին պետական ամավարկը պատրաստելու աշխատանքին հոլովոյթին մէջ աշխատավարձի յաւելումները պէտք չէ խոչընդոտ նկատուին: Ան հաստատեց 2015-ի ամավարկը ամէնէն արագ միջոցին վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Սալամի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Սվին Ասը: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետ Սալամ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները, ինչպէս նաեւ դպրոցներն ու համալսարանները երկուշաբթի, 25 մայիս 2015-ին պիտի փակեն իրենց դռները` Դիմադրութեան եւ ազատագրումի տօնին առիթով:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց նաեւ, որ երեքշաբթի, 26 մայիս 2015-ին բոլոր դպրոցներուն, հիմնարկներուն եւ համալսարաններուն մէջ պահեր եւ ժամեր յատկացուին Դիմադրութեան եւ ազատագրումի տօնին ազգային կարեւորութիւնը բացատրելու նպատակով:

Նախորդը

Քանաան Միջազգային Դրամատան Կոչ Ուղղեց Սուրիացի Գաղթականները Վերադարձնելու Սուրիոյ Ապահով Շրջանները

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ 2015-ի Ամավարկի Երկրորդ Բաժինի Դրոյթներուն, Որոնք Կը Ներառեն Վերաշինութեան Եւ Բարգաւաճման Ծրագիրներ

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.