Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Ընդունեց Պէյրութի Եւ Ժեզզինի Ժողովրդային Պատուիրակութիւնները

June 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-21-15_badviragutyun_rabiyeՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին Ռապիէի մէջ ընդունեց Պէյրութի եւ Ժեզզինի ժողովրդային պատուիրակութիւնները, որոնց յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքը լուրջ հարց կը դիմագրաւէ երկրին իշխանութեան մէջ իր դերակատարութեան իմաստով:

«Ըստ երեւոյթին, մենք իշխանութեան մէջ մեր հիմնական դերակատարութիւնը կորսնցուցած ենք եւ պիտի չվերագտնենք զայն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երկրին մէջ կ՛արձանագրուին սահմանադրական խախտումներ, որոնցմէ վատագոյնը խորհրդարանի նստաշրջանին երկարաձգումն էր, իսկ ապահովական հաստատութիւններուն պարագային, հիմնական խախտումը բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումն էր:

«Անոնք համաձայնեցան բանակի հրամանատարի նշանակումին դէմ տարակարծիք ըլլալ եւ հակասահմանադրական նախարարի մը կողմէ երկարաձգեցին զօր. Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ բանակը ունենայ ապօրինի կերպով գործող հրամանատար մը: Իսկ անոնց տկար կէտը այն է, որ մասնայատուկ ուժերու հրամանատար գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ զօր. Աունի փեսան է, հակառակ անոր հերոս եւ բարոյականի տէր անձ մը ըլլալու իրականութեան», շեշտեց ան:

Այս շրջագիծին մէջ ան զարմանք յայտնեց, որ ապահովական հաստատութիւններու պետերը նշանակելու իր պահանջը թարգմանուի իբրեւ կառավարութեան վրայ բանեցուած ճնշում:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ դրած է պահպանելու համար Լիբանանը` նշելով, որ Իտալիա ուղղուած է եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ տեսակցած` յաջողցնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ բացած է նոր էջ մը:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ իրենք մնայուն կերպով կը մերժեն ահաբեկչութիւնը եւ կը պայքարին անոր դէմ, «իսկ մենք կը պաշտպանենք բոլոր լիբանանցիներն ու անոնց իրաւունքները, առանց իսլամի եւ քրիստոնեայի միջեւ խտրութեան», նշեց ան:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ իրենք կ՛ուզեն հանրապետութեան նախագահ մը, որ լուծէ երկրին հարցերը եւ ոչ թէ այդ հարցերուն գոյութիւնը պահպանէ եւ Լիբանանը քայքայէ:

Նախորդը

Սաղպինի Եւ Պարուքի Միջեւ. Հետախուզական Օդանաւ Մը Կը Ջախջախուի

Յաջորդը

Ռումիէի Բանտին Մէջ Արգելափակեալները Չարչարանքի Ենթարկելու Տեսերիզ Մը Կը Ցնցէ Թրիփոլին

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց  Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ.  Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի  Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

March 12, 2026
Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները  Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի  Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ

March 11, 2026
Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.