
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Թրիփոլին ապահով քաղաք է եւ հոն գոյութիւն ունեցող իրարանցումին կամ քաոսին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:
Ռիֆի շեշտեց, որ Թրիփոլի փակած է մղձաւանջային այդ սեւ օրերուն էջը եւ մոռցած զայն, իսկ Թրիփոլիի ժողովուրդը կ՛ապրի լիբանանեան պետութեան օրէնքներով եւ կ՛ենթարկուի ապահովական ծրագիրին` պահպանելով քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխութիւնն ու ազգային համակեցութիւնը:
«Թրիփոլի ապահով է ու կայուն, եւ կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր լիբանանցիներուն այցելելու քաղաք», ըսաւ Ռիֆի:
Ան անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի իրավիճակին` աւելցնելով, որ նախագահական թափուր աթոռին եւ խորհրդարանի աշխատանքներուն կասեցման կողքին, երկու շաբաթ առաջ կանգ առած են նաեւ կառավարութեան աշխատանքները: «Պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքին այս սառեցումը կը սպառնայ Լիբանանի ճակատագիրին եւ անոր շահերուն», ըսաւ ան` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու Հըզպալլան պատասխանատու նկատելով այդ սառեցումին եւ նախագահական աթոռը թափուր պահելուն:
Ռիֆի շեշտեց, որ Սուրիայէն հեռանալու իմաստով Հըզպալլա պէտք է պատմական որոշում տայ:


