Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Էրպիլ

June 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պշարա Ռայի պատրիարքը
Պշարա Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Էրպիլ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Ռայի պատրիարքը յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անկարողութեան հիմնական պատճառը երկրին մէջ տիրող քաղաքական յուսալքումն է:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ խօսելու առիթ չկայ արդէն եւ պէտք է գործնական քայլերու դիմել, որովհետեւ Լիբանանի կացութիւնը կը մղէ քաղաքականութեան նկատմամբ վստահութեան կորուստին:

Էրպիլի մէջ իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան, որ հիւրընկալած է քրիստոնեաները:

Ան շեշտեց, որ քրիստոնեաները Իրաքի մէջ պահելը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ անոնց պատմութեան արմատները խրած են Իրաքի մէջ, ուր անոնք ապրած են իսլամ համայնքին հետ եւ միացեալ մշակոյթ կերտած:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն ապագան Իրաքի մէջ կը գտնուի եւ անկարելի է այդ իրականութենէն հրաժարիլ: Ան նաեւ աւելցուց, որ քրիստոնեաները կարիքը ունին բնակարաններու, գիտութեան, բժշկութեան եւ ապահովութեան, իսկ մենք մեր զօրակցութեամբ կը փափաքինք օժանդակել բարեկամ երկիրներուն եւ զօրակցիլ անոնց: «Մեր հիմնական պահանջը այն է, որ քրիստոնեաները տուն վերադառնան եւ իրենց արժանապատուութեան վերատիրանան», ըսաւ ան:

«Մենք սպանութեան լեզուով չենք խօսիր, այլ` իրաւունքի եւ իրաւաբանութեան լեզուով: Անկարելի է ընդունիլ միջազգային ընտանիքին լռութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդի մը իրաւունքներուն դէմ հասած  հարուածները», ըսաւ ան եւ ռամատանի առիթով բարի եւ խաղաղ տօն մաղթեց բոլորին:

 

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Դիմադրութեան Մարտիկները Թիրախ Դարձուցին ՏԱՀԵՇ-ի Պատասխանատու Մը

RelatedPosts

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն  Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան.  Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան. Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով

March 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 13, 2026
Իսրայէլեան Ազդարարութեանց  Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ.  Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի  Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

March 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.