Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց արաբական աշխարհին մէջ միասնականութեամբ դիմադրելու դաւադրութիւններուն եւ վերջ տալու համայնքային խտրականութեան:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկուան պատարագին ընթացքին կոչ ուղղեց ազատ արձակելու բոլոր առեւանգուածները` աւելցնելով, որ իրենք խստիւ կը մերժեն Լիբանանը դաշնակցային պետութիւններու վերածել:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրապայքարին առումով պէտք չէ մտահոգուիլ, որովհետեւ իրենք այդ տագնապէն յաղթական դուրս պիտի գան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի բջիջներ ականուած են եւ յարմար պահուն անոնք անպայման պիտի պայթին:

ՀԱՄԱՍԻ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ուսամա Համտան յայտնեց, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովական կայունութիւնը ցնցելու փորձերը միայն թշնամի Իսրայէլի շահերուն կը ծառայեն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ ընդգծեց, որ կառավարութեան գումարելիք հաւանական նիստի մը մասին ցարդ նորութիւններ չկան` աւելցնելով, որ իր կարծիքով, ռամատանի ընթացքին նման նիստ մը կարելի պիտի չըլլայ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի ընդգծեց, որ կառավարութեան աշխատանքը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ կարելի չէ երկրին բոլոր հարցերուն լուծումներ գտնելու աշխատանքը սառեցնել պատասխանատու մը նշանակելու համար:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան ընդմէջէն երաշխաւորելու քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները:

ՇԱԲԱԹ առաւօտեան ներքին ապահովութեան ուժերը Հատասի մէջ ձերբակալեցին ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ սուրիացի մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային հանգրուանի դիմաց եւ պէտք է յանձնառու մնալ օրէնքները յարգելու:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Էմիր Իշել հաստատեց, որ Իսրայէլի դէմ նոր պատերազմ մը բռնկելու պարագային իրենք պիտի չվարանին Լիբանանի մէջ բնակութեան յատուկ համալիրները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերը համախոհութեամբ նշանակելը շատ աւելի կարեւոր է, քան այդ նշանակումին կառչիլը` իբրեւ քննարկուելիք օրակարգի առաջին կէտ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Պեքաայի շրջանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մոհամետ Եաղի շեշտեց, որ իրենք մինչեւ արեան վերջին կաթիլ պիտի դիմադրեն հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ կառավարութեան նիստերուն չգումարուիլը կը բարդացնէ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ խստիւ դատապարտեց Այն Հելուէի բախումները`  շեշտելով, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տիրող կացութիւնը այլեւս կարելի չէ հանդուրժել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ կոչ ուղղեց յաւելեալ օժանդակութիւն ցուցաբերելու երկրին ապահովական կառոյցներուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ պահանջուածը երկրին իշխանութեան մէջ իսկական գործընկերութիւնն է եւ ոչ թէ այդ մասին կատարուած տեղեկատուական քարոզչութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ իրենց եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ ուղղակի թէ անուղղակի հաղորդակցութիւններ չկան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն բանակի հրամանատարի նշանակումը, այնքան ատեն որ նախագահական աթոռը թափուր վիճակի մէջ է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պետութեան կերտումի պայքարը` Թաէֆի համաձայնագիրին լոյսին տակ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքի սառեցումը կրնայ քանդել երկիրը:

 

Նախորդը

«Ուիքիլիքս» Կը Հրապարակէ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Աւելի Քան 60 Հազար Փաստաթուղթեր

Յաջորդը

«Խստիւ Կը Մերժենք Երկիրը Առանց Նախագահի Ձգելու Փորձերը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Պարրաք. «Շնորհակալութի՛ւն  Ուալիտ Ժոմպլաթին»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Շնորհակալութի՛ւն Ուալիտ Ժոմպլաթին»

Սեպտեմբեր 18, 2025
Հանգստեան Կոչուած  Զինուորականներու Բողոքի Ցոյց
Լիբանանեան

Հանգստեան Կոչուած Զինուորականներու Բողոքի Ցոյց

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ժահժահ. «Պու Սաապ Պէտք Է Ընտրական Օրէնքը  Սերտելու Յանձնախումբը Արագօրէն Ժողովի Հրաւիրէ»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Պու Սաապ Պէտք Է Ընտրական Օրէնքը Սերտելու Յանձնախումբը Արագօրէն Ժողովի Հրաւիրէ»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?