Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Ռումիէի

June 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-22-15_mashnouk_roumieՌումիէի արգելափակեալներու խոշտանգումներուն մասին սպրդեցուած տեսերիզներուն եւ անոնց բարձրացուցած աղմուկին լոյսին տակ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Ռումիէ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ չարչարանքի ենթարկուած արգելափակեալներուն եւ բանտին ապահովութեան հսկող ոստիկաններուն հետ:

Բանտէն կատարած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ ինք հանդիպած է բանտին պատասխանատու զինուորականներուն հետ, եւ բոլորին համար յստակ պէտք է դառնայ երեք բան. ա) կարգ մը ոստիկաններու կողմէ գործուած սխալը պէտք չէ շարժառիթ ըլլայ երկրին ապահովական կառոյցներուն դէմ կեցուածք ճշդելու եւ զանոնք հալածելու, բ) ոեւէ արգելափակեալի մարդկային իրաւունքները ոտնակոխած ոստիկան հաշուետուութեան պիտի կանչուի եւ գ) սպաները պատասխանատու են բանտին մէջ եւ արգելափակեալներուն վրայ օրէնքներուն գործադրութեան:

Մաշնուք հաստատեց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է երեք արգելափակեալներուն հետ, որոնք ենթարկուած են խոշտանգումի, եւ անոնք հաստատած են, որ Ռումիէի Բ. մասնաշէնք փոխադրուելէն ի վեր ոչ մէկ սխալ կամ չարչարանքի ձեւեր գործադրուած են իրենց դէմ:

Ան շեշտեց, որ տեսերիզներուն գծով հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ ինք ոչ ոքի` ըլլայ ան սպայ թէ ոստիկան, պիտի արտօնէ նման սխալ մը գործել բանտարկեալներուն հաշուոյն:

Տեսերիզին լոյսին տակ հակազդելու եւ մագլցողական քայլեր որդեգրելու միտումներուն մասին Մաշնուք ըսաւ, որ անոնք կը ծառայեն ծայրայեղութեան եւ լիբանանեան պետութեան ու պետական կառոյցներուն դէմ լարուելու: «Նախապէս Ռումիէի մէջ նմանօրինակ շատ դէպքեր արձանագրուած են, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը քաղաքականացուած է», ըսաւ ան:

Մաշնուք ընդգծեց, որ ինք քաղաքական առումով ոչ ոքի պատասխան պիտի տայ` աւելցնելով, որ պետական կառոյցներու դատարկումը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:

Իր խօսքը ուղղելով արգելափակեալներուն` ան ըսաւ, որ այդ սխալը պիտի չկրկնուի եւ բանտերուն վիճակը պիտի բարելաւուի:

Մաշնուք նաեւ շեշտեց, որ Ռումիէի Բ. մասնաշէնքը երբեք ահաբեկչութեան որջի պիտի չվերածուի, «իսկ եթէ հրաժարականս կը նպաստէ երկրին մէջ ծայրայեղութեան արգիլումին, ես պատրաստ եմ հրաժարելու», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Աշոտ Քոչարեան Այցելեց Տարուիշ Եպիսկոպոսին

Յաջորդը

Դիմադրութեան Մարտիկները Ետ Մղեցին ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներուն Յարձակումը Եւ Քանդեցին Ժապհաթ Նուսրայի Զրահապատներ

RelatedPosts

Ճաշարաններու Սենտիքան Կոչ Կ՛Ուղղէ` Այսուհետեւ Փոխան «Թրքական Սուրճ»-ի «Լիբանանեան Սուրճ» Անունը Օգտագործելու
Լիբանանեան

Ճաշարաններու Սենտիքան Կոչ Կ՛Ուղղէ` Այսուհետեւ Փոխան «Թրքական Սուրճ»-ի «Լիբանանեան Սուրճ» Անունը Օգտագործելու

February 12, 2026
Շէյխ Քապալան. «Այն, Ինչ Որ Քուլիսներու Մէջ  Տեղի Կ՛ունենայ, Վտանգաւոր Է  Եւ Ազգային Շահին Չի Ծառայեր»
Լիբանանեան

Քապալան. «Դիմադրութեան Վերջին Պատերազմին Մատուցածը Առասպելական Տոկունութեան Հսկայական Բնորդ Մըն Է»

February 12, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.