Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռումիէի Բանտին Մէջ Արգելափակեալները Չարչարանքի Ենթարկելու Տեսերիզ Մը Կը Ցնցէ Թրիփոլին

Յունիս 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-21-15_roumieԸնկերային հաղորդակցութեան ցանցերով երէկ սպրդեցան կարճ տեսերիզներ, որոնք կը վերաբերէին ոստիկաններուն կողմէ Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակեալները չարչարանքի ենթարկելու տեսարաններու, որոնք ցնցեցին Թրիփոլին` նկատի ունենալով, որ չարչարանքի ենթարկուող բանտարկեալները իսլամական բանտարկեալներ էին:

Անոնց մէջ էին Ուաէլ Սամատ` Քըպպէի բնակիչ, Օմար Աթրաշ` Արսալի բնակիչ եւ Քաթիպէ Ասաատ` Ուատի Խալետի բնակիչ:

«Եու թիուպ»-ի, «Թուիթըր»-ի եւ «Ֆէյսպուք»-ի կայքերուն ընդմէջէն տարածուող այս տեսերիզները յաւելում մըն էին Ռումիէի գայթակղութիւններուն վրայ եւ խստիւ դատապարտուեցան պետական անձնաւորութիւններուն կողմէ:

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին խստիւ դատապարտեց Ռումիէի մէջ կատարուած արարքները եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի հետ` պահանջելով անմիջապէս հետաքննութիւն բանալ եւ այդ արարքները գործող ոստիկաններուն ինքնութիւնը բացայայտել ու զանոնք պատժել:

Ռիֆի շեշտեց, որ այդ արարքները մարդկութեան դէմ ոճիր կը նկատուին եւ կարելի չէ յանցագործները անպատիժ ձգել:

Ան շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք զինք տեղեակ պահած է, թէ ոստիկաններէն ոմանք արգելափակուած են իրենց այս արարքին պատճառով եւ թէ ընդհանուր դատախազը անձամբ կը հետապնդէ անոնց թղթածրարը:

«Այս ոճիրը Պաշշար Ասատի մտայնութիւնը կրող մնացորդացն է», ըսաւ Ռիֆի:

Իբրեւ պատասխան Ռիֆիի կատարած յայտարարութիւններուն` Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի շեշտեց, որ Ռիֆի անգիտակից եւ ուղեղային սահմանափակ կարողութեամբ անձ մըն է` աւելցնելով, որ այս մասին իր կատարած յայտարարութիւնները զայն չեն հեռացներ տարիներ շարունակ բանտերուն մէջ արգելափակեալները չարչարելու անոր պատասխանատուութենէն:

«Պաշշար Ասատ գիտակից է եւ բանականութեան տէր անձ մը, որուն մտայնութիւնը բարոյական եւ ազգային արժանիքներու դպրոց մը կը կազմեն եւ ոչ թէ Ռիֆիի նման անձ մը, որուն մտայնութիւնը հիմնուած է համայնքային խտրութեան, ատելութեան սերմանումի եւ ահաբեկչութեան զօրակցութեան դպրոցին վրայ», ըսաւ Զոհպի:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ստանձնեց  Ռումիէի «Դ.» մասնաշէնք ներխուժումին ընթացքին գործուած սխալներուն պատասխանատուութիւնը: Ան նշեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ գործուած այդ սխալները դատապարտելի են` շեշտելով, որ յանցագործ ոստիկաններուն դէմ օրինական միջոցներ եւ պատիժներ պիտի որդեգրուին:

Մաշնուք հաստատեց, որ այդ տեսերիզները հետաքննութեան ենթարկուած են, եւ ի յայտ եկած է, որ նախքան Ռումիէի «Դ.» մասնաշէնք ներխուժումը, բանտին մէջ բռնկած խուլիկանութիւններուն ընթացքին գործուած են այդ սխալները:

«Նման գայթակղութիւն անկարելի է, որ կրկնուի: Ոստիկանները պիտի պատժուին, իսկ մենք պիտի պաշտպանենք արգելափակեալներուն իրաւունքները», ընդգծեց Մաշնուք:

Ան հաստատեց, որ կարելի չէ իսլամ թէ այլ համայնքի պատկանող արգելափակեալներուն միջեւ խտրութիւն դնել` աւելցնելով, որ ճիշդ չէ այդ հարցը քաղաքականացնելը: «Այս թղթածրարը քաղաքական շահագործումի ծառայեցնելը անպարկեշտութիւն է», հաստատեց ան:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ խստիւ դատապարտեցին այդ գայթակղութիւնը եւ պահանջեցին պատժել արգելափակեալներուն դէմ հրէշային այդ արարքները գործած ոստիկանները:

Նախորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Պէյրութի Եւ Ժեզզինի Ժողովրդային Պատուիրակութիւնները

Յաջորդը

Թուրքերը Անհանգստացած Են Պելճիքայի Վարչապետին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Եզրին Օգտագործումէն

RelatedPosts

Լիբանանեան

Մամլոյ Արձակուրդ

Մարտ 25, 2023
Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական  Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Մարտ 25, 2023
Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում
Լիբանանեան

Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In