Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իպրահիմ Քանաան Այցելեց Ֆրենժիէի, Ժեմայէլի Եւ Ժահժահի

Յունիս 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քանաան եւ Ֆրենժիէ
Քանաան եւ Ֆրենժիէ
Քանաան եւ Ժեմայէլ
Քանաան եւ Ժեմայէլ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեց Պնաշհի, Սայֆի եւ Մեհրապ, ուր քննարկեց նախագահական ընտրութեան առումով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ առաջարկուած հանրաքուէի առաջարկը:

Պնաշհիի մէջ Քանաան ընդունուեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենք չեն մերժեր քրիստոնեայ համայնքին կատարելիք հանրաքուէն, սակայն կը փափաքին, որ անիկա ըլլայ թափանցիկ եւ վայելէ քրիստոնեայ քաղաքական բոլոր կողմերուն եւ հեղինակութիւններուն համախոհութիւնը:

«Մենք պահանջեցինք, որ հանրաքուէն ըլլայ քրիստոնէական եւ ազգային բնոյթի` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը քրիստոնէական է եւ ազգային», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ ընդգծեց նաեւ, որ իրենք բարոյականօրէն յանձնառու են այդ հանրաքուէին, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր են, որ նախագահական իրենց առաջին եւ վերջին թեկնածուն զօր. Միշել Աունն է:

Ան հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան իրենց քաղաքական ուղեգիծին, ծրագիրին եւ տեսակէտներուն` աւելցնելով, որ հիմնականին մէջ զօր. Աուն մաս կը կազմէ իրենց քաղաքական ծրագիրին եւ անոր թեկնածութիւնը առաջնահերթութիւն է:

«Այսինքն, եթէ հանրաքուէին իբրեւ արդիւնք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յաղթանակ արձանագրէ, կը շնորհաւորեմ զինք, սակայն ես զայն չեմ ընտրեր, որովհետեւ այդ քայլը իմ դաշնակիցներու նկատմամբ դասալքութիւն է: Ես համաձայն եմ հանրաքուէի բովանդակութեան, սակայն անիկա չի նշանակեր, որ ես յանձնառու եմ հակառակորդս ընտրելու», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Քանաան յայտնեց, որ հանրաքուէն սահմանադրական եւ ժողովրդավարական քայլ մըն է, որ նախագահական ընտրութեան առումով քրիստոնեաներուն ընտրանքները կը ճշդէ` աւելցնելով, որ հանրաքուէն ոչ մէկ ձեւով կը հակադրուի Թաէֆի համաձայնագիրին:

«Մենք կը փափաքինք ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ ըլլայ հաւասարակշռութեան օղակը լրացնողը եւ ըլլայ ատակ` իշխելու եւ նախագահելու», շեշտեց Քանաան:

Քանաան եւ Ժահժահ
Քանաան եւ Ժահժահ

Սայֆիի մէջ Քանաան հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:

Հանդիպումին աւարտին Քանաան շեշտեց, որ հանդիպումը կը միտի Ազգային ազատ հոսանք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն միջեւ հասարակ յայտարարներու յանգելու:

«Պահանջուածը այն է, որ կարելի ըլլայ հասնիլ սահմանադրական եւ ժողովրդավարական նախագահութեան մը, որ նկատի ունենայ քրիստոնեաներուն տեսակէտը», ըսաւ ան:

Քանաան երեկոյեան այցելեց նաեւ Մեհրապ, ուր ընդունուեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Ժահժահի հետ համաձայն են, թէ սահմանադրական հանրաքուէի առաջարկը ժողովրդավարական բարձր մակարդակի քայլ մըն է, որ նախագահական ընտրութեան առումով կը ճշդէ քրիստոնեայ եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն ընտրանքները:

 

Նախորդը

Պըրրի – Շեհայէպ Հանդիպում

Յաջորդը

Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Թաղման Կարգը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?