Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

July 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շէյխ Քապալան եւ դեսպան Ալի
Շէյխ Քապալան եւ դեսպան Ալի

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմին վերաբերեալ:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմէն չորս տարի եւ երեք ամիս ետք, Սուրիա այսօր կը փաստէ, որ ամբողջ աշխարհին փոխարէն ինքն է ահաբեկչութեան դէմ պայքարողը, եւ աշխարհը այսօր իր կեցուածքներն ու մեկնաբանութիւնները վերատեսութեան կ՛ենթարկէ` նշմարելու համար, որ ինք իսկական գործընկեր էր Սուրիոյ դէմ գործուող այս ոճիրին:

«Ամբողջ աշխարհը, յատկապէս այն երկիրները, որոնք զօրակցեցան եւ ֆինանսաւորեցին ահաբեկչութիւնը, մտահոգ են այդ ահաբեկչութեամբ, որուն հետեւանքները իրենց վրայ սկսած են արտացոլալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք լաւատես են, որ իրենց դիմադրութիւնը եւ տոկալու կարողութիւնը ուսանելի դաս մըն է ապագայ սերունդներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք պատճառ դարձան Սուրիոյ եւ շրջանի երկիրներուն մէջ ոճիրի տարածումին:

«Թունուզի, Ֆրանսայի եւ Քուէյթի մէջ եւ անոնցմէ առաջ նաեւ այլ շրջաններու մէջ պատահած ահաբեկչութիւնները կը պարտադրեն, որ ամերիկացին, արեւմուտքցին, թուրքը եւ Ծոցի երկիրները եւ բոլոր անոնք, որոնք քաջալերած են ահաբեկչութիւնը, վերատեսութեան ենթարկեցին իրենց քաղաքականութիւնը: Սակայն Սուրիա իր պայքարով եւ տոկալու կարողութեամբ բոլորին փաստեց, որ ինք լաւագոյն օրինակն է` ահաբեկչութեան դէմ պաքարելու իմաստով», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Ժահժահ Կ՛ընդունի Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Անդամ Ուսանողներու Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Զօր. Սլէյման Ընդունեց Ասիրին Եւ Էխհորեսթը Եւ Ներկայ Գտնուեցաւ Խորհրդակցական Հանդիպումի Նիստին

RelatedPosts

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը  Առանցքը Կազմեցին  Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն
Լիբանանեան

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

September 25, 2026
ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ  Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Տարբեր Ղեկավարներու Հետ
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Տարբեր Ղեկավարներու Հետ

September 25, 2026
Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ  Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.