Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Մուսա Ապու Մարզուքը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան գաղթակայաններուն վերաբերող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ապու Մարզուք շեշտեց, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն խնդիրները կարելի է լուծել երկխօսութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ գաղթակայաններուն մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը` ներկայութեամբ երեսփոխան Ալի Պեզզիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթական մարզին վերաբերող կարգ մը հարցեր:


