Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Սլէյման Ընդունեց Ասիրին Եւ Էխհորեսթը Եւ Ներկայ Գտնուեցաւ Խորհրդակցական Հանդիպումի Նիստին

July 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Սլէյման եւ Ասիրի
Զօր. Սլէյման եւ Ասիրի

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին եւ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումներուն ընթացքին զօր. Սլէյման ցաւ յայտնեց, որ նախագահական աթոռը երկարատեւ թափուր վիճակի մատնուած է ոմանց շահերուն եւ եսասիրութեան պատճառով:

Ան ցաւ յայտնեց նաեւ, որ խորհրդարանի նիստերը իրենց կարգին տարիէ մը ի վեր կասեցուած են` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ տիրող այս իրավիճակը մերժելի է:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան մասին առաջարկուած հանրաքուէին` զօր. Սլէյման կոչ ուղղեց վերջ տալու խաղին եւ զբաղումին:

Սլէյման ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով արաբական եւ միջազգային համախոհութեան կարեւորութիւնը:

Ասիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա օր մը օրանց Լիբանանի կամ լիբանանցիներուն դէմ դաւադրութիւններ չէ նիւթած եւ ոչ ալ խաբած է զանոնք` աւելցնելով, որ Ռիատ կ՛ողջունէ Լիբանանի շահերուն, ապահովական կայունութեան եւ կառավարութեան ուղեգիծին նպաստող բոլոր նախաձեռնութիւնները, յատկապէս «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:

Իր կարգին, Էխհորեսթ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին եւ կ՛օժանդակէ բոլորին, «իսկ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները կը մնան ամրապնդուած», հաստատեց ան:

Խորհրդակցական հանդիպումէն պահ մը
Խորհրդակցական հանդիպումէն պահ մը

Միւս կողմէ, զօր. Սլէյման ներկայ գտնուեցաւ խորհրդակցական հանդիպումին նիստին, որ տեղի ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի Էշրեֆիէի բնակարանին մէջ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, նախարարներ Ռամզի Ժրէյժ, Պութրոս Հարպ, Ալիս Շապթինի, Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, Սըժաան Քազզի, Ալեն Հաքիմ եւ նախկին նախարար Խալիլ  Հըրաուի:

Նիստէն ետք Ֆարաոն կարդաց հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն ընդմէջէն կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն յարգելու ժողովուրդին իրաւունքները, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանը, որուն ընթացքին անկարելի է երկրին պետական հաստատութիւններուն պատասխանատու դիրքերը թափուր պահել:

Ֆարաոն շեշտեց, որ հանդիպումին ներկաները շեշտեցին, թէ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պէտք է կատարուի երկրին սահմանադրութեան համաձայն, եւ նկատել տուին, որ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելը բնական ընթացք մըն է, որ քաղաքական մրցակցութեան իբրեւ հետեւանք պէտք չէ վնասուի:

Նախորդը

Շէյխ Քապալան Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Պըրրի Համասի Քաղաքական Խորհուրդի Նախագահին Հետ Քննարկեց Գաղթակայաններուն Վերաբերող Խնդիրներ

RelatedPosts

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը  Առանցքը Կազմեցին  Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն
Լիբանանեան

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

September 25, 2026
ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ  Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Տարբեր Ղեկավարներու Հետ
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Տարբեր Ղեկավարներու Հետ

September 25, 2026
Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ  Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.