Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի – Շեհայէպ Հանդիպում

June 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շեհայէպ եւ Պըրրի
Շեհայէպ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան մարզին եւ երկրագործներուն դիմագրաւած հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապները մեծ են եւ բոլորին ծանօթ, սակայն այդ հարցերը կրնան լուծուիլ միայն խորհրդարանի յարկին տակ կամ կառավարութեան նիստին ընթացքին` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրադարձութիւնները:

Շեհայէպ յայտնեց, որ իր թղթածրարը երկրագործութեան եւ այդ մարզին արտադրութիւնները արտածելու թղթածրարն է` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը հինգշաբթի օրուան իր նիստին ընթացքին իբրեւ օրակարգի առաջին կէտ քննարկէ զայն եւ լուծումներ գտնէ այդ առումով:

Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն եւ սենտիքայի անդամներ Ժոզեֆ Քսայֆի ու Սքարլեթ Հատտատ` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Թալալ Հաթումի:

Հանդիպումին ընթացքին Աուն Պըրրիին յանձնեց սենտիքային կողմէ հրատարակուած` լրագրող Արաֆաթ Հիժազիի հեղինակած գիրքէն օրինակ մը:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդգծեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երկու նախարարները ներկայ պիտի գտնուին կառավարութեան գումարելիք նիստին:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Կառավարութիւնը Հրաւիրեց Նիստի

Յաջորդը

Իպրահիմ Քանաան Այցելեց Ֆրենժիէի, Ժեմայէլի Եւ Ժահժահի

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.