ՏԱՀԵՇ-Ի կողմէ առեւանգուած բանակային Սէյֆ Զըպիանի եղբայրը շեշտեց, որ այսօր գումարուելիք կառավարութեան նիստին զուգահեռ առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները պիտի փակեն բազմաթիւ շրջաններու ճամբաները:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան խստիւ դատապարտեց Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազին սպանութիւնը:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքներուն կասեցման ճշգրիտ պատճառը հանդուրժողականութեան հարցին մէջ կը կայանայ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հարց տուաւ, որ ներկայ իրավիճակէն բացի Լիբանանի կացութիւնը որքա՞ն պէտք է վատանայ, որ կառավարութիւնը վերադառնայ իր աշխատանքները գումարելու:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Իրան Դիմադրութիւն ստեղծած է, մինչդեռ ուրիշներ` ահաբեկչութիւն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ կառավարութիւնը կազմուած է աշխատելու նպատակով եւ պէտք չէ անձնատուր ըլլայ` նիստերուն գումարումը յետաձգելով:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց, որ քաղաքականութեան մէջ հակադրուած ըլլալու իրավիճակին թշնամական բնոյթ չտրուի:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ առիթ պիտի տայ, որ ոմանք օրակարգէ դուրս քննարկումի հարցեր առաջարկեն:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ը ճակատագիր չէ, եւ անկարելի է ընդունինք, որ անիկա ճակատագիրի վերածուի:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի զգուշացուց Լիբանանը թիրախ դարձնող սադրանքներէն:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ չունենայ, բացի սահմանադրական բարեփոխումով:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ կառավարութեան նիստին գումարումը անհրաժեշտ է եւ անխուսափելի:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան ապահովական կառոյցներու պետերը նշանակելու իրենց պահանջին:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ յայտնեց, որ իրենք ոչ մէկ այլ օրակարգ պատրաստ են քննարկելու, եթէ ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումներուն թղթածրարին քննարկումը չամբողջանայ:
ՄԱՐՏ 14-ի անկախ անձնաւորութիւններու ազգային խորհուրդի նախագահ Սամիր Ֆրենժիէ շեշտեց, որ խորհուրդը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան կրկնութիւնը չէ, այլ` խաղաղութեան ինթիֆատա մը կատարելու նպատակով կազմուած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն հաստատեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակումներուն պահանջին նկատմամբ ցուցաբերուելիք անտեսումով զիրենք ընդվզեցնելը, անպայման որ պիտի ունենայ իր հակազդեցութիւնը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ծրագրուած ահաբեկչութիւնը թիրախ պիտի դարձնէր Պէյրութը եւ ոչ թէ Հարաւային արուարձանները: Պայթումին ծրագիրը բացայայտուած էր ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ահաբեկիչներուն ձերբակալումին իբրեւ արդիւնք:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները «անմեղ» չեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի շեշտեց, որ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը կը թարգմանուի լիբանանեան բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած լուրջ զօրակցութեամբ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց երկիրը ամրապնդելու` խորհրդարան ուղղուելով եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրելով:
ԺԱՊՀԱԹ Նուսրայի մէկ պատասխանատուն Արսալի բարձունքներուն վրայ գլխատած է ՏԱՀԵՇ-ի ապահովական պատասխանատուներէն մէկը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ պահանջուածը արտակարգ վիճակի յայտարարութիւնն է` փրկելու համար երկրին տնտեսական կացութիւնը: Ան շեշտեց նաեւ, որ երկրին քաղաքական հարցերը լուծելու ամլութիւն կայ բոլորին մօտ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Իպրահիմի այցելեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ահաբեկչութեան վտանգը Պեքաայէն տեղափոխուած է հիւսիսային Լիբանանի քրիստոնեայ գիւղաքաղաքները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, արեւմուտքցի դիւանագէտներ շեշտած են, թէ Հըզպալլա կատարեալ կերպով յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած պահելու, հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող վտանգաւոր կացութեան: Նոյն օրաթերթին համաձայն, արեւմուտքցի դիւանագէտները կը գնահատեն այդ իրականութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ ժամանակը անյարմար է Թաէֆի համաձայնագիրը վտանգի ենթարկելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտելու իմաստով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ արձակուած ամբաստանութիւնները անճիշդ են եւ անհիմն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պէտք չէ ընդունի քաղաքական որոշ ուժերու դէմ հակադրուելու կարելիութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կառավարութենէն կրնայ պահանջել ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակման քննարկումը, սակայն իր կարծիքը չի կրնար կառավարութեան վրայ պարտադրել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ ներկայ կացութիւնն ու պայմանները կ՛ենթադրեն կառավարութեան հարցը լուծել եւ ոչ թէ կառավարութեան հարցերը բարդացնել:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս ընդգծեց, որ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ Քալպ Լաուզէի սպանդին նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքը իրապաշտ էր:
ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերը երէկ Աքքարի մէջ ձերբակալեցին երկու սուրիացիներ, որոնք անձնաթուղթեր կեղծելու աւազակախումբեր ստեղծած էին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց լիբանանցիները միաւորող միջլիբանանեան երկխօսութեան կարեւորութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրած է` վերջ տալու համար երկրին աշխատանքները սառեցնելու իմաստով ոմանց տարած արշաւին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ կառավարութեան նիստը այս կամ այն քաղաքական ուժին դէմ գումարուելիք նիստ մը չէ, այլ նիստ մը, որ կ՛արդարացնէ վարչապետին իրաւունքները:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ Դամասկոսի ճակատամարտը պիտի ըլլայ ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանը` Լիբանանի վրայ Սուրիոյ դէպքերուն ունենալիք հետեւանքներուն առումով:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան նպատակն է քրիստոնեաները Արեւելքէն պարպել:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Շեպաայի վերեւ: