Լիբանանեան Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Կը Դատապարտեն Սանաայի Մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանատան Գրաւումը
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ խստիւ դատապարտեց հուսիներուն կողմէ Եմէնի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան գրաւումը` զայն որակելով ահաբեկչական ոճրային արարք մը: Սինիորա կոչ ուղղեց արաբական եւ միջազգային ընտանիքներուն` զօրակցելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Եմէնի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան ի խնդիր: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Սանաայի մէջ Արաբական Միացեալ...

















