Լուսանկարիչ-լրագրողներու սենտիքայի նախագահ Ազիզ Թահեր երէկ յարձակման թիրախ դարձաւ, երբ իր բնակած շրջանի` Ուըրտանիէ Ուատի Զինէ թաղամասին մէջ շինարարական ապօրինի աշխատանք մը կը փորձէր կասեցնել:
Ըստ սկզբնական տեղեկութեանց, յարձակումը կանխամտածուած էր` տրուած ըլլալով, որ Թահեր մէկէ աւելի անգամներ նկարած էր նշեալ աշխատանքին ապօրինի ոճը: