Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասիրի Խոստովանութիւնները Դուռ Կը Բանան Այլ Ձերբակալութիւններու

August 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ibrahim_krasenyag_8-17-15

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ շարունակեց Սայտայի մէջ իր ներխուժումները, որոնց շրջագիծին մէջ ձերբակալեց Հուսամ Ռ. սկզբնատառերը կրող քաղաքացի մը` Ահմետ Ասիրի հետ անոր ունեցած կապին պատճառով:

Սայտայի մէջ ձերբակալուեցաւ նաեւ Մըսաապ Ք.-ն, որ Մոհթասեմ Ք.-ի եղբայրն է, իսկ Մոհթասեմ Ասիրի ամէնէն մտերիմ անձը կը նկատուի:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը շարունակեց հարցաքննել Ահմետ Ասիրը, որուն փոխանցած տեղեկութիւններուն հիման վրայ բացայայտուեցան շարք մը ճշմարտութիւններ եւ կը նախատեսուի, որ կատարուին մեծ թիւով ձերբակալութիւններ:

Ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին նաեւ, որ ապահովական պատճառներով Ասիր կը գտնուի գաղտնի վայրի մը մէջ, ուր անոր հարցաքննութիւնը կը շարունակուի: Հարցաքննութենէն ետք ան պիտի յանձնուի Զինուորական ատեանին:

Ապպաս Իպրահիմ Կ՛ողջունէ Ընդհանուր Ապահովութեան
Օդակայանի Գրասենեակին Աշխատանքները

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ այցելեց տնօրէնութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, ուր տեղեկացաւ Ասիրի հարցաքննութեան վերաբերող զարգացումներուն:

Ապա ան ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցաւ պատասխանատու սպաներուն հետ:

Իպրահիմ բարձր գնահատեց անոնց աշխատանքը եւ իրագործած նուաճումը` Ասիրի ձերբակալութեան առումով:

Ան շեշտեց, որ ապահովական այդ նուաճումը լիբանանեան պետութիւնը ամրապնդելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ` տեղական եւ համաշխարհային մակարդակով:

Իպրահիմ ողջունեց նաեւ երկու տարուան ընթացքին այդ գրասենեակին բացայայտած 1663 կեղծ անցագիրները, որոնք նպաստած են երկրին ապահովութեան, ազգային անվտանգութեան եւ միասնականութեան պահպանումին:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Հէյլն Ու Ներքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կոչ Ուղղած Է Ներդրումներ Կատարելու Հայաստանի Վերականգնուող Ուժանիւթի Մարզին Մէջ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.