Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմատական Լուծումներու Բացակայութեան. Լիբանանեան Հրապարակը` Լաւատեսութեան Եւ Յոռետեսութեան Միջեւ

Օգոստոս 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ լիբանանցիք փրկարար լուծումներու կը սպասեն ապրուստի տարրական մարզերուն մէջ բարեփոխման գծով, կը թուի, թէ կացութիւնը կ՛ընթանայ դէպի վատթարացում` յոռետեսութեան մատնելով լիբանանցիները: Միւս կողմէ, կարգ մը այլ աղբիւրներ որոշ լաւատեսութեամբ կը մօտենան հարցերուն` սպասելով տեղական թէ արտաքին մակարդակի զարգացումներու:

Փաստօրէն, քաղաքական գետնի վրայ խնդրայարոյց հարցերը, յատկապէս` բարձրաստիճան զինուորականներու նշանակումներուն գծով հետզհետէ սուր բանավէճի բնոյթ ստացած են խնդրոյ առարկայ կողմերուն միջեւ` նկատի ունենալով այս գծով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վճռական կեցուածքն ու զայն քննադատող հակադիր կողմերու յայտարարութիւնները: Այս իմաստով լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կառավարութեան նիստերը առկախուած են գէթ մինչեւ ընթացիկ օգոստոս ամսուան վերջը, ինչ որ պիտի երկարաձգէ հարցերու լուծման ձգտող կառավարական որոշումներու սպասումը:

Ապրուստին վերաբերող եւ յատկապէս աղբակոյտերու հարցը եւս տակաւին կը մնայ անլոյծ` նկատի ունենալով, որ նոյնիսկ եթէ այսօր վճռուի նուազուրդի յաջողած ընկերութեան անունը, առնուազն վեց ամսուան կարիքը կայ «գործի լծուելու» համար, մինչ աղբերը «թաղելու» գրեթէ բոլոր կեդրոնները փակուած են եւ այս գծով ժողովրդային բողոքի ելոյթները կը շարունակուին: Աղբերու հարցին կողքին յառաջիկայ օրերուն պիտի սաստկանան նաեւ կրթական թէ աշխատաւորական մարզերու պահանջներու ելոյթները` առանց մոռնալու պետական մարզի պաշտօնեաներու ամսաթոշակներու «սառեցման» հաւանականութիւնը` ֆինանսաւորումի պակասին բերումով:

Ապահովական գետնի վրայ եւս, հակառակ Ահմետ Ասիրի ձերբակալութեան լուրին առթած գոհունակութեան, մտավախութիւններ ծայր առին, թէ այս իրագործումը եւս կրնայ շահագործուիլ իբրեւ քաղաքական խաղաքարտ` Ասիրին դատավարութեան եւ պատժական տնօրինումը պայմանաւորլով լիբանանցի այլ բանտարկեալներու հարցին վճռումով:

Փոխադարձաբար, դէպքերու հոլովոյթին իրազեկ աղբիւրներ կը տեսնեն «լիբանանեան բաժակ»-ի լեցուն մասը` Ասիրի ձերբակալումը նախաքայլ նկատելով երկրի ապահովական վիճակի բարելաւման գծով: Անոնք իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրի յայտարարութեան վաղորդայնին ստեղծուած դրական մթնոլորտով, ըստ որուն շրջանին մէջ ահաբեկչական հոսանքին վերջ պիտի տրուի` ամբողջական հակակշիռի տակ առնելով ահաբեկչական խմբաւորումները, յատկապէս` ՏԱՀԵՇ-ն ու Ժապհաթ Նուսրան: Ըստ անոնց, Ահմետ Ասիրի ձերբակալումը այս դիտանկիւնէն կարելի է ընկալել, եւ այս քայլին պիտի յաջորդեն անոր մեղսակիցներու կամ նմանօրինակ հարցերով ամբաստանուած այլ յանցագործներու, ինչպէս` Շաքեր Ապսիի, Ֆատըլ Շաքերի եւ Շատի Մաուլաուիի ձերբակալումը:

Միաժամանակ, քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին քաղաքական հակադիր կողմերու միջեւ` փորձելով լուծման միջին եզր մը գտնել:

Արտաքին գետնի վրայ եւս կ՛ակնկալուի, որ ֆրանսացի բանագնաց Ֆրանսուա Ժիրօ մօտերս կրկին այցելէ Լիբանան` կողմերու միջեւ համախոհութեան գոյացման միտումով:

Նախորդը

Նեպիհ Պըրրիի Տուած Իր Ծանօթացման Այցելութեան Առիթով. Ֆրանսայի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Վերահաստատեց Իր Երկրին Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Յաջորդը

Ռոնալտօ Մանհաթընի Մէջ 18,5 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար Արժողութեամբ Յարկաբաժին Մը Գնեց

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?