«Բաժակը յորդած է», յայտարարեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով եւ պահանջելով նախարարաց խորհուրդի արտակարգ նիստ մը գումարել` քննելու համար աղբակոյտերու հրկիզման հարցը:
Շեհայէպ զգուշացուց այս հարցին կենսոլորտային եւ առողջապահական բարդացումներէն` զօրակցելով նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի կեցուածքին` աղբակոյտերու շարունակուող երեւոյթին գծով: