ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին իր ընթացիկ նիստը պիտի չգումարէ` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքը հեզասահ դարձնելու իմաստով առաջադրուած ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կայ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ ժամանակը հասած է արդէն, որ պետութիւնը նպաստէ նոր աղբանոցներ գտնելու աշխատանքին` վերջ տալու համար երկրին մէջ հետզհետէ աւելի շեշտուող աղբերու տագնապը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի գոյութիւնը լիբանանեան գոյացութեան պաշտպանութիւն կը նկատուի:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ալի Ամիրիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան կատարեալ զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ Իրաքի` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ անոր պայքարին առումով:
ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 500 լ. ոսկի նուազած է, 98 օքթանը` 600 լ. ոսկի, մազութը` 200 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 300 լ. ոսկի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ Յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուութեան հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայիս շեշտեց, որ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հրաժարած է քաղաքական ասպարէզէն հանգստեան կոչուելու իր որոշումէն` աւելցնելով, որ Ժոմպլաթ իր զաւկին` Թէյմուր Ժոմպլաթի վստահած է ընկերային եւ պահանջներու վերաբերող հարցերուն լուծումը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Միշել Մաալուլի յայտնեց, որ Լիբանանի միակ փրկութիւնը երկրին ժողովրդավարական եւ խորհրդարանական վարչակարգին վերադարձն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ ժողովուրդէն ըլլայ, ինչպէս նաեւ շեշտեց անոր իրաւասութիւնները ընդարձակելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ համադաշնակցութեան նախագահ Ֆարիտ Խազեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ պետական գործունէութեան առումով պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կը հակադրուի պետութեան առողջ գործելակերպին հետ:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ անհաւանական նկատեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ իրենք հպարտ են Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ահաբեկիչ Ահմետ Ասիրի ձերբակալումով` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ակնկալեն, որ այդ կառոյցը նաեւ շարք մը այլ ոճրագործներ ձերբակալէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքներուն դիմաց գտնուող արգելքները չէզոքացնելու համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ կուսակցութիւնը օր մը օրանց չէ արգիլած օրէնսդրական աշխատանքն ու լիբանանեան պետութեան գործելաձեւի հեզասահ ընթացքը: