«Սահմանագիծերուն մօտ բանակին իրագործած պաշտպանողական քայլերը կ՛ամբողջանան ներքին ճակատի վրայ իրագործուող ապահովական քայլերով», յայտարարեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ` փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ Արսալի եւ Պրիթալի բանակային դիրքերուն տուած իր այցելութեան առիթով:
«Քաղաքական տարակարծութիւնները ոչ մէկ ձեւով կ՛արգելակեն բանակի աշխատելաոճը եւ անոր երկրին անդորրութեան պահպանման վճռակամութիւնը», շեշտեց զօր. Քահուաժի` վերահաստատելով ահաբեկչական որեւէ արարքի դէմ բանակի դիմադրական կեցուածքին պատրաստակամութիւնը:
Միւս կողմէ, փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել կոչ ուղղեց քաղաքական տարակարծութիւններէ զերծ պահել բանակը` զգուշացնելով զայն «քաղաքական մասնակի շահերու աճուրդին մէջ մխրճելէ»: