Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Սելիմ Սայէղի: Այս առիթով Ժեմայէլ պահանջեց արտակարգ դրութիւն յայտարարել երկրին մէջ եւ փութալ անմիջական լուծումներու:
«Այս վերջին առիթն է, նախքան որ լիբանանեան հանրապետութեան շէնքը փլուզուի բոլորին գլխուն վրայ», յայտարարեց Ժեմայէլ` նշելով, որ կացութիւնը անհանդուրժելի դարձած է եւ անհրաժեշտ է անմիջական քայլերու ձեռնարկել: