Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբակոյտերու Տագնապը Աւելի Կը Սաստկանայ

August 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

tsuin_8-20-15

Աղբակոյտերու ճակատագիրը վճռելու կոչուած նուազուրդի արդիւնքներու յայտարարման մէկ շաբաթով  յետաձգման վաղորդայնին, ժողովրդային բողոքի ելոյթները շարունակուեցան լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ: Արդարեւ, նախանցեալ օր` չորեքշաբթի երեկոյեան Պէյրութի  Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ, վարչապետարանին կից, ապահովական ուժերուն եւ «Հոտերնիդ ելաւ» շարժումի անդամներուն միջեւ «բռնկած» միջադէպէն ետք աղբակոյտերու երեւոյթը դարձեալ հրատապ հարցերու առաջնակարգ դիրքը գրաւեց:

Տնտեսութեան Նախարարը
Ահազանգ Կը Հնչեցնէ  

Տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ ահազանգ հնչեցուց, թէ 48 ժամէն փողոցները վերստին պիտի ողողուին աղբերով, եւ կոչ ուղղեց արտակարգ վիճակի դրութիւն յայտարարելու եւ լծուելու անմիջական լուծման քայլերու:

«Թրիփոլիի Պահակներ»

Թրիփոլիի մէջ եւս ծայր առին ժողովրդային բողոքի ելոյթներ` ընդվզում արտայայտելով աղբակոյտերու թնճուկի լուծման ձգձգման գծով: Շուրջ յիսուն երիտասարդներ ինքնաբուխ եւ կամաւոր կերպով յանձն առին Թրիփոլիի թաղամասերու գիշերային հսկողութիւնը` արգիլելու համար կասկածելի որեւէ փոխադրակառքի մուտքը, որ կը միտի աղբ «թաղել» հոն: Անոնք իրենք զիրենք կոչած են «Թրիփոլիի պահակներ»:

– Նմանապէս, Մինայի շրջանի բնակիչներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին աղբակոյտերու եւ ելեկտրական հոսանքի ընդհատման դէմ:

– «Հոտերնիդ ելաւ» շարժումի կազմակերպիչ գործիչները զանազան կոչերով պատկան կողմերէն պահանջեցին արմատական լուծում գտնել այս հարցին: Անոնք նախապէս պահանջած էին կենսոլորտի եւ ներքին գործոց նախարարներու` Մոհամետ եւ Նուհատ Մաշնուքի հրաժարումը:

– Յառաջդիմական երիտասարդական կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ կը ծրագրէ բողոքի խաղաղ ցոյցերու դիմել աղբակոյտերու հարցին գծով`:

– Պշամունի բնակիչներ զգուշացուցին, թէ ուշ գիշերին աւելի քան տասը փոխադրակառքեր օրական աղբ կը «թաղեն» իրենց շրջանին մէջ: Անոնք սպառնացին սաստկացնել իրենց բողոքի արտայայտութեան ոճը:

 

Նախորդը

Մուքպել Եւ Քահուաժի Քննարկեցին Զինուորական Հարցեր

Յաջորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախագահ Սամի Ժեմայէլ Ահազանգ Կը Հնչեցնէ

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.