Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ներխուժած է Քուսէյր սահմանամերձ գիւղաքաղաք, ուրկէ գրաւած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք, ինչպէս նաեւ ձերբակալած պահանջուած մեծ թիւով յանցագործներ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը ազգային կարիք է, որուն շուրջ քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է համախոհութիւն գոյացնեն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ քաղաքական իշխանութեան մաս կազմող ոչ մէկ անձնաւորութիւն հետաքրքրուած է ժողովուրդին իրաւասութիւններով, յատկապէս Թրիփոլիի պարագային:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց վերջ տալու Թրիփոլիի մէջ աղբ թափելու, ինչպէս նաեւ քաղաքին ելեկտրական հոսանքի երկարատեւ անջատումի արարքներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կոչ ուղղեց վերջ տալու յղփանալու քաղաքականութեան, որովհետեւ անիկա Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճիր է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պարտադրած է, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ դառնայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, իսկ երեսփոխան Ալեն Աուն յետս կոչէ իր թեկնածութիւնը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ յարաբերութիւնները երբեք իրենց կայուն ընթացքին պիտի չվերադառնան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, աղբերու հաւաքման հոլովոյթը ստանձնող ընկերութիւններուն նուազուրդին արդիւնքներուն յայտարարութիւնը յետաձգուած է, որովհետեւ ի յայտ եկած է, թէ նուազուրդը շահած ընկերութիւնը շիի յարանուանութեան պատկանող անհատի մը կը պատկանի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ իր այցելուներուն յայտնած է, որ յառաջիկայ օրերը աւետիսներով լեցուն պիտի ըլլան: Սալամ շեշտեց, որ ինք չի հաւատար աշխատանքի երկարատեւ սառեցումին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յատուկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ «Սէուտի Օժէ» ընկերութիւնը տնտեսական լուրջ տագնապի մէջ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի ուղղուի կառավարութեան նիստերուն ընթացքին սահմանադրական մեքանիզմը որդեգրելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միասնականութիւնը հիմնական է, իսկ ներքին ընտրութիւնները անոր համար ցնցում մը չեն նշանակեր:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութեան նիստի պիտի հրաւիրէ հինգշաբթի, 27 օգոստոս 2015-ին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարութեան հարցը ո՛չ դաշնակիցներուն եւ ո՛չ ալ հակառակորդներուն վերաբերող հարց է:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէ յանձնառու կը մնայ նախագահական ընտրութեան պահանջին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներուն տեղեկութիւններուն համաձայն կը գրէ, թէ ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորող կողմերուն բացայայտումը շատ աւելի կարեւոր է, քան ահաբեկիչ Ահմետ Ասիրի ձերբակալումը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ կուսակցութեան քաղաքական ուղեգիծ մը տրամադրելը կարեւոր հարց է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա ընդգծեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն Թրիփոլին վերածել այս կամ այն շրջանին աղբանոցին:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլ Դարձեալ Հարուածեց Կոլանը

Յաջորդը

Արթիւր Նազարեան Կը Հովանաւորէ Ուժանիւթի Նախարարութեան Եւ Իրաւաբաններու Սենտիքային Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրի Մը Ստորագրութիւնը

RelatedPosts

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Կ՛ողջունէ Պքերքէի Հրաւէրը` Հաստատելով, Որ ՀՅԴ-ն Պիտի Ըլլայ Առաջին Ընդառաջողը

Փետրուար 3, 2023
Պքերքէի Մէջ.   Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու  Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Կոչ Ուղղեցին Քրիստոնեայ Երեսփոխաններուն Պքերքէի Մէջ Ձեռնարկելու Նախագահական Ընտրութեան Նախաձեռնութեան Մը

Փետրուար 3, 2023
Պէյրութի Մէջ.  «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ  Համաձայնութիւնը Հիմնական Անցք Է`  Բարելաւելու Լիբանանի Տնտեսութիւնը»  Շեշտեց Փիեռ Տուիքան
Լիբանանեան

Պէյրութի Մէջ. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Համաձայնութիւնը Հիմնական Անցք Է` Բարելաւելու Լիբանանի Տնտեսութիւնը» Շեշտեց Փիեռ Տուիքան

Փետրուար 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In