
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Սթրիտա Ժահժահը եւ Զիատ Քատիրին, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ հաղորդագրութեան մը մէջ շեշտեց, որ ինք շնորհաւորած է զօր. Քահուաժին` լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով` աւելցնելով, որ իրեն համար կարեւոր է ընդգծել լիբանանեան բանակին դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու առումով:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Մուսթաֆա Զայէտը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Ժալալ Սալահի:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ եգիպտական բանակներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: