
«Նկատի ունենալով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը եւ անոնց ղեկավարութիւնները սնանկացած են, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ լիբանանցի երիտասարդներուն կատարած բողոքի ցոյցերը կը նկատուին օրինական եւ արդար», ըսաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ:
Ան խստիւ դատապարտեց այդ երիտասարդներուն խոշտանգումը ապահովութեան ուժերուն կողմէ` շեշտելով, որ անոնք ազատ են իրենց կեցուածքները արտայայտելու երկրին եւ անոր քաղաքական աղբերուն, ինչպէս` կուսակցութիւններուն եւ այսպէս կոչուած անձնաւորութիւններուն մասին:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին նախարար Ատնան Քասսարէն, որ շեշտեց, թէ նախագահական ընտրութիւնը պարտադիր անցք մըն է` վերահաստատելու համար լիբանանեան պետութեան հանգամանքը:


