Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յայտնեց, որ Պաղեստինի դրօշակը ՄԱԿ-ի մէջ բարձրացնելու քայլը դիւանագիտական կարեւոր յառաջընթաց է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կատարուող ժողովրդային շարժումներուն նպատակն է երկրին մէջ ծագելիք քաղաքացիական հաւանական պատերազմի մը կանխարգիլումը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանանի վարչակարգը կարելի չէ տապալել եւ այդ մասին փափաք յայտնել կը նշանակէ Լիբանանը քաոսի մատնելու փափաքներ ունենալ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ արաբական շրջանին վկայած քաոսին շրջագիծին մէջ պաղեստինեան դատը գրեթէ մոռացութեան ենթարկուած է:

ՏԱՐ Ֆաթուայի համաձայն, Ատհայի տօնը կը զուգադիպի հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015-ին:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Սամիր Մուքպել վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, որ բանակի կարգ մը սպաներուն պաշտօնի բարձրացումին մասին ինք տեղեակ չէ` աւելցնելով, որ բանակի հրամանատարութեան առումով ինք չի փափաքիր փոփոխութիւններ կատարել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ ընտրական որեւէ օրէնքի պարագային իրենք կը մերժեն Տըննիէն Թրիփոլիէն բաժնել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը որոշած է լքել ազգային երկխօսութեան նիստը, եթէ երբեք անոր օրակարգը շրջանցէ նախագահական ընտրութեան կէտի քննարկումը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի ազգային երկխօսութեան մասնակից քաղաքական կարգ մը ուժեր դիտել տուած են, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը անլոյծ պիտի մնայ, մինչեւ Իրանի կողմէ «կանաչ լոյս»-ի ընծայումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ ազգային երկխօսութեան նիստը անկարելի է փոխել ազգային հիմնադիր խորհրդաժողովի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահ ընտրուելու իր առիթը կորսնցուցած է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ազգային երկխօսութեան ոչ մէկ այլ օրակարգ կը փափաքին քննարկել, բացի նախագահական ընտրութենէն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարէ մը, կը գրէ, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը «պայթելու» սեմին կը գտնուի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը տակաւին մեծ սխալի մը մէջ կը գտնուին, որովհետեւ անոնք իրենց գրաւը դրած են սուրիական վարչակարգի ձախողութեան վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իրենք պիտի զօրակցին երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի մշակած ծրագիրին գործադրութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Սերժ Տաղեր շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան մէջ իրենց աշխատանքը կը շարունակեն, ինչպէս նաեւ կը զօրակցին երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի մշակած ծրագիրին գործադրութեան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Թըպնինի, Սուրի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործած է` ոտնձգութիւններ կատարելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք ապահովական խիստ միջոցառումներու պիտի դիմեն եւ պիտի չարտօնեն, որ այսուհետեւ ցուցարարները պետական հաստատութիւններ մուտք գործեն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար պաղեստինցի գաղթականներու յաւելեալ ճնշումներու ենթարկուիլ:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Կարելի Է Վերջ Տալ Միայն Քաղաքական Լուծման Ճամբով» Ըսաւ Տը Միսթուրա

Յաջորդը

Հըզպալլայի Մարտիկները Եւ Սուրիական Բանակը Զապատանիի Մէջ Թիրախ Դարձուցին Զրահապատ Մը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.