Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Ընդունեց Պրազիլի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Սեպտեմբեր 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պասիլ եւ Վիէյրա
Պասիլ եւ Վիէյրա

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Վիէյրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան հոսքը լիբանանեան պետութեան վրայ յաւելեալ ճնշումներ բանեցուցած է` աւելցնելով, որ այդ տագնապին միակ լուծումը պիտի ըլլայ սուրիացի գաղթականներուն վերադարձը` դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նկատմամբ անոնց կառչած մնալը:

Պասիլ նշեց, որ Սուրիոյ պատերազմին ոչ մէկ լուծում կարելի պիտի ըլլայ ապահովել, եթէ սուրիացիները չփափաքին լուծել այդ հարցը:

Միւս կողմէ, Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կը դիմադրէ ահաբեկչութեան եւ անոր վտանգներուն, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի բռնարարքներուն` զգուշացնելով, որ ահաբեկիչներուն եւ սուրիացի գաղթականներուն միջեւ տարբերակելը բաւական բարդ աշխատանք է:

Պասիլ նշեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն մեծաթիւ գոյութիւնը ահաբեկչութեան համար բերրի հող կը նկատուի:

Պասիլ զգուշացուց նաեւ գաղթականներուն Եւրոպա մուտքէն` աւելցնելով, որ անոնք կրնան Եւրոպայի ինքնութիւնը խախտել: Ան դիտել տուաւ, որ գաղթականներուն յաջորդ թիրախը Միացեալ Նահանգները պիտի ըլլան` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան վտանգը դարձած է միջազգային եւ իբրեւ այդպիսին անիկա կարիքը ունի միջազգային ամբողջական պատասխանի:

Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւններուն` ընդգծելով, որ պէտք է պահպանել Լիբանանի քաղաքակրթութիւններուն եւ մշակոյթներուն բազմազանութիւնը, հակառակ այդ բազմազանութիւնը հարուածելու փափաքներուն:

Պասիլ յայտնեց նաեւ, որ տնտեսական առումով հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ ներդրումներն ու տնտեսական գործակցութիւնը բարելաւելու: Իր կարգին, Վիէյրա շեշտեց, որ Պրազիլ մնայուն կերպով զօրակցած է եւ կը շարունակէ զօրակցիլ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերուն:

Վիէյրա շեշտեց, որ այդ ճշմարտութեան փաստը այն է, որ Պրազիլ կը մասնակցի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներուն ընթացքին ՄԱԿ-ի միջոցով Լիբանանին յաւելեալ օժանդակութիւն մատուցած է` նկատի ունենալով սուրիացի գաղթականներուն հոսքը:

Վիէյրա շեշտեց, որ իրենք համոզուած են, թէ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել միայն սուրիական ընկերութեան բաղկացուցիչ տարրերուն միջեւ ամբողջական երկխօսութեամբ:

«Մենք կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը եւ կը զօրակցինք հաստատութիւններուն եւ երկիրներուն միջեւ խաղաղ երկխօսութեան», ըսաւ ան:

Վիէյրա շեշտեց, որ լիբանանեան-պրազիլեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան առումով բազմաթիւ առիթներ գոյութիւն ունին` աւելցնելով, որ Լիբանան վերջերս համաձայն գտնուած է բաց առեւտուրի սկզբունքին, որուն հիման վրայ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի զարգանայ, եւ մօտիկ ապագային պիտի ստորագրուին համաձայնագիրներ:

 

Նախորդը

Ահմետ Ասիրի Դատավարութիւնը Յետաձգուեցաւ 20 Հոկտեմբերին

Յաջորդը

«Կը Զգուշացնենք Բոլորը, Գլխաւորաբար Ռայի Պատրիարքը, Թէ Բնակեցումի Վտանգին Ենթակայ Ենք» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?