«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը երէկ կէսօրէ առաջ նստացոյց մը կատարեց Տորա-Մար Եուսեֆ շրջանը իրար կապող քալողներու կամուրջին դիմաց, բողոքելու համար լիբանանեան պետութեան դէմ` լիբանանցի քաղաքացի Շաուքի Նաժժարի մահուան լոյսին տակ:
Ըստ արշաւին եւ Նաժժարի ընտանիքին, 50-ամեայ Նաժժար այդ կամուրջը չէր կրցած օգտագործել, որովհետեւ կամուրջին աստիճանները փակ էին աղբակոյտերով, հետեւաբար ստիպուած եղած էր մայրուղիին մէկ ծայրէն միւսը քալելով անցնիլ եւ այդ պահուն ինքնաշարժի արկածով մը մահացած էր:
«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին անդամները ընդվզումի իբրեւ արտայայտութիւն փոխադրակառք մը բերին եւ կամուրջին մուտքին գտնուող բոլոր աղբերը լեցուցին անոր մէջ, որպէսզի զայն թափեն «Սուքլին» ընկերութեան մուտքին` ընկերութիւնը ամբաստանելով իբրեւ աղբերու տագնապը պատճառող իսկական պատասխանատուն եւ աղբի թղթածրարին գծով փտածութեան գլխաւոր կառոյցը:
Ներքին ապահովութեան ուժերը արգիլեցին այդ քայլը, սակայն ի վերջոյ արշաւին անդամները յաջողեցան իրենց նպատակը իրագործել:
Սակայն ներքին ապահովութեան ուժերը գրաւեցին փոխադրակառքը եւ ձերբակալեցին անոր վարորդը:
Այս քայլը դարձեալ ընդվզեցուց «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը, որուն անդամները շեշտեցին, թէ վարորդը իրենց շարժումին մաս չի կազմեր եւ զօրակցութիւն յայտնեցին անոր:
Աւելի ուշ, ներքին ապահովութեան ուժերը վարորդը եւ փոխադրակառքը առաջնորդեցին Ժմմայզէի ոստիկանատուն, ուր ուղղուեցան նաեւ «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին անդամները:
Հարցաքննութենէն ետք վարորդը ազատ արձակուեցաւ եւ ստացաւ իր փոխադրակառքը, իսկ ցուցարարները ցրուեցան:
Այս դէպքին կապակցութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերը խորհուրդ տուին քաղաքացիական ընկերութեան` իր իրաւունքները գործադրելու քաղաքակիրթ կերպով եւ հաստատեցին, որ որեւէ օրինազանցութեան պարագային խիստ քայլերու պիտի դիմեն:
Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Մաժտալ Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց մը` մերժելու համար Մասնաայի մէջ աղբանոց մը պատրաստելու կառավարութեան ծրագիրը:
Նշենք, որ Աքքարի Թալ Ապպաս շրջանին բնակիչները շաբաթավերջին բողոքի ցոյց մը կատարեցին` մերժելու համար Աքքարի մէջ աղբանոցներ պատրաստելու ծրագիրը, իսկ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հրաժարականին պահանջով Կեդրոնական Պէյրութի մէջ հացադուլի դիմած երիտասարդներ Ֆայեզ Եասին եւ Ուարֆ Սլէյման փոխադրուեցան հիւանդանոց: «Առանց բռնարարքի» շարժումը երեկոյեան ժամը 6:00-ին զօրակցութիւն յայտնեց` համախմբուելով հացադուլի դիմած տղոց շուրջ:
Կերուխում «Զէյթունա Պէյ»-ի Մէջ
«Փոփոխութեան սեմին – 29 օգոստոս» արշաւին կազմակերպութեամբ շաբաթ յետմիջօրէին «Զէյթունա պէյ»-ի մէջ կազմակերպուեցաւ կերուխումի հաւաք մը, որուն մասնակցող իւրաքանչիւր անդամ իր ճաշը առած ուղղուեցաւ վերոնշեալ վայրը եւ ճաշեց նաւահանգիստին կից տախտակէ հարթակին վրայ` ընդգծելով, որ այդ շրջանը հանրութեան կը պատկանի եւ քաղաքացիները ոչ ոքէ արտօնութիւն պիտի ստանան զայն վայելելու եւ օգտագործելու համար:
Կերուխումի հաւաքը կազմակերպած արշաւին անդամները բարձրացուցին պաստառ մը, որուն մէջ նշուած էր, որ ծովը իրենց է եւ ծովեզերքը քաղաքացիներուն կը պատկանի:
«Փոփոխութեան սեմին – 29 օգոստոս» արշաւի անդամ Այման Մրուէ նշեց, որ քաղաքացիները պէտք է քանդեն իրենց մէջ գտնուող վախի պատը եւ ուղղուին օգտագործելու իրենց յատուկ այս վայրերը` աւելցնելով, որ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ արձանագրուած են 1141 ոտնձգութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին իրենք ապագային ըսելիք պիտի ունենան:
«29 օգոստոս» շարժումին պատասխանատուները մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեցին, որ Շեհայէպի ծրագիրը խաբեբայութիւն է, խորամանկութեան շարունակութիւն եւ կենսոլորտին յարմար լուծումներ չտրամադրող ծրագիր:
Աւելի ուշ «Փոփոխութեան սեմին – 29 օգոստոս» արշաւին մասնակից երիտասարդները ուղղուեցան Ռաուշէի Տալիէ շրջանը, վերացուցին հոն զետեղուած փշաթելերը եւ հասնելով ծովեզերք վայելեցին զայն:
Միւս կողմէ, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ աղբերու տագնապին լուծման հարցով իր մշակած եւ կառավարութեան համաձայնութիւնը ստացած ծրագիրը չգործադրելու այլընտրանքը այն է, որ աղբերը մուտք գործեն լիբանանցիներուն բնակարանները:
Շեհայէպ յայտնեց, որ այս հանգրուանը ընդվզումի եւ լարուածութեան հանգրուան է, սակայն տուեալ ծրագիրը ներառող բոլոր շրջաններու քաղաքապետարաններուն եւ պատասխանատուներուն հետ պիտի կայանան հանդիպումներ եւ փոխադարձ խորհրդակցութիւն` բացատրելու համար այդ ծրագիրին բարիքները:
Աղբերու հարցին լուծման թղթածրարին մասին վարչապետ Թամմամ Սալամ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնեց, թէ աղբերու տագնապը կառավարութեան տագնապ ըլլալէ դադրած է եւ վերածուած պետական տագնապի:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է համաձայնին եւ ճնշում բանեցնեն` երկրագործութեան նախարարի ծրագիրին գործադրութեան համար:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ պէտք է անձրեւներուն տեղալէն առաջ լուծել աղբի տագնապը եւ փողոցները մաքրել աղբերէն:
Իր կարգին, նախկին նախարար Շարպել Նահհաս նկատել տուաւ, որ աղբի տագնապին լուծման մասին կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրը թատրոն է եւ խուսանաւում` խզելու համար Նաամէի աղբանոցին փակման որոշումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիները համոզելու, թէ այդ տագնապը լուծուած է:
Նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ նախարար Շեհայէպի ծրագիրը մշակուած է, որպէսզի «Սուքլին» աղբահաւաքման ընկերութեան աշխատանքը մէկուկէս տարիով երկարաձգուի:
Նշենք, որ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ «Սուքլին» ընկերութեան տնօրէն Մայսարա Սըքքարը ամբաստանեց գողութեամբ եւ շեշտեց, որ անոր դէմ դատական հարց պիտի յարուցէ վաղը` երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին: