Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շեհայէպ. «Աղբի Տագնապին Լուծում Մը Չգտնելու Պարագային Նոր Տագնապներ Պիտի Ստեղծուին»

Սեպտեմբեր 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

shehayeb_9-14-15

Կենսոլորտի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Շեհայէպ յայտնեց, որ աղբի տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրին գործադրութեամբ:

«Աղբի տագնապը լուծելու համար կարիքը ունինք քաղաքական բոլոր կողմերուն գործակցութեան, սակայն գործակցութիւն չկայ, որովհետեւ չկայ վստահութիւն, ինչպէս նաեւ կայ համոզում` ժամանակաւորը մնայունի վերածելու: Ժողովուրդը իր պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցուցած է, հետեւաբար մենք պէտք է աշխատինք վերահաստատել այդ վստահութիւնը», ըսաւ ան:

Շեհայէպ ընդգծեց, որ աղբի տագնապին լուծում մը չգտնելու պարագային նոր տագնապներ պիտի ստեղծուին, եւ պէտք է անպայման հասնիլ այդ հարցին լուծման:

«Աղբերու հարցը կրնայ ճարտարարուեստի վերածուիլ, եթէ անոր ատակ լուծումներ տրամադրենք, իսկ քաղաքապետարանները իսկական խարիսխները պիտի ըլլան այդ ծրագիրին: Իսկ եթէ մենք ձախողինք այս թղթածրարին լուծման մէջ, ապա երկրին վերաբերող այլ թղթածրարներ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն», յայտնեց Շեհայէպ:

Իր կարգին, երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ Շեհայէպի ծրագիրին գծով գործակցութիւն խոստացուած է:

Կենսոլորտի յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի եւս նշեց, որ ի վերջոյ Շեհայէպի ծրագիրը պիտի գործադրուի, որովհետեւ այլընտրանք չկայ:

 

 

Նախորդը

Պաշիր Ժեմայէլի Նահատակութեան 33-րդ Տարելիցի Նշում

Յաջորդը

Պըրրի. «Ազգային Երկխօսութիւնը Հիմնադիր Խորհրդաժողովի Վերածելու Մասին Լուրերը Անճիշդ Են»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?