ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն բժշկական միացեալ դեղագիրին համար յաւելեալ գումարներ չվճարելու:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարը զգուշացուց լիբանանցիները աղբերուն վրայ տեղալիք անձրեւներուն ունենալիք հետեւանքներէն:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է Սուրիոյ պատերազմին խաղաղ լուծում մը ապահովէ:
ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայիններուն հարազատներուն անունով Նիզամ Մղէյթ յայտնեց, որ վաղը իրենք փողոց պիտի իջնեն եւ պիտի չշարունակեն լուռ մնալ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով արտաքին աշխարհին վստահութիւնը համազօր է դատարկութեան վստահելու:
«ՊԱՅԱՆ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցող կողմերուն մօտ շօշափած է դրական մօտեցում` խորհրդակցութիւնները շարունակելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն շեշտեց, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ յարաբերութիւնը բարելաւումի ընթացքին մէջ է եւ Լիբանանեան համալսարանը կը շարունակէ կրթական իր առաքելութիւնը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան հոսքը կրնայ աւարտիլ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումով եւ Հըզպալլայի տունդարձով:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ այս շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը նիստ պիտի չգումարէ: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ աղբերու տագնապին լուծումը պայմանաւորուած է երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրին գործադրութեամբ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ Պրիւքսէլի մէջ պիտի քննարկէ Լիբանանը յուզող սուրիացի գաղթականներուն տագնապը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան լրջօրէն կը մտածէ ազգային երկխօսութեան այսօրուան նիստին մասնակցելու մասին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, բանակի մասնայատուկ ուժերու պետ գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզի զինուորական պաշտօնը բարձրացնելու ջանքերը տակաւին ընթացքի մէջ են, եւ այս իմաստով ամէնէն աւելի ջանք կը թափէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք ընդգծած է, թէ Լիբանանի մէջ առողջապահական չափանիշներով աղբանոց գոյութիւն չունի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց պետութեան իր իշխանութիւնը միայն Պաապտայի մէջ չբանեցնելու` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Քեսրուան Ֆթուհի եւ Ժիպէյլի յատուկ նոր նահանգ մը ստեղծել Ժունիէն վերածելով անոր վարչական կեդրոնին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, դիւանագիտական աղբիւրներ կառավարութիւնը զգուշացուցած են երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրը բռնի ուժով գործադրելու հետեւանքներէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով շօշափելի տուեալներ գոյութիւն չունին: